2016-05-14 12:26:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խումբ մը հիւանդներուն արտասանած հակիրճ խօսքը։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 14 մայիս 2016-ի՝ առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ նախ քան յոբելինական սուրբ տարուան ծրիէն ներս, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ   կատարած յոբելինական հրապարակային ունկնդրութիւնը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպեցաւ խումբ մը հիւանդներուն ու անոնց ուղղեց  ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ ըսաւ. ՝՝Տեղատարափ անձրեւի պատճառաւ, հրապարակային  ունկնդրութիւնը տեղի պիտի ունենայ երկու վայրերու մէջ։ Առաջին ՝ դահլիճին մէջ  ուրկէ   կը հետեւիք  հսկայ պաստառի վրայէն ։ երկրորդ՝  հրապարակին վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խնդրեց հիւանդներէն, որ աղօթեն եկեղեցւոյ ­  իրեն եւ բոլորին համար,  ընդգծելով՝ թէ աղօթքի միջոցաւ ամէնքս երջանկութիւն կը զգանք։ Ան ապա հրաւիրեց բոլորը՝ որպէս Աստուծոյ եւ Տիրամօր զաւակներ աղօթելու Ողջոյն Քեզ Մարիամ աղօթքը,  բոլորին   շնորհելով իր Առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.