2016-05-14 14:13:00

Գերապ. Միրիաթեան. ''Սուրիոյ Մանուկները կը մեծնան առանց ապրելու իրենց մանկութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ` Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, շաբաթ` 14 մայիս 2016-ին այցելութիւն տուաւ Ռատիօ Վատիկան եւ այցելութեան ծիրէն ներս հանդիպումներ եւ զրոյցներ ունեցաւ ռատիովատիկանի զանազան խմբագրութիւններու հետ, Իտալերէն, Ֆրանսերէն, Արաբերէն եւ Հայերէն լեզուներով,­ որոնց ընթացքին անդրադարձաւ Սուրիացիներուն ու յատկապէս Սուրիահայերուն ապրած ողբալից իրավիճակի մասին ու այս առընչութեամբ իր Իտալիոյ մէջ ունեցած հանդիպումներուն եկեղեցական եւ քաղաքացիական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններուն հետ, ինչպէսս նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ որ իրեն վստահեցուցած է աջակցութիւն եւ աղօթք համայն սուրիոյ ժողովուրդին համար ու յատկապէս խաղաղութեան հաստատումի դիտաւորութեան։

Գերապայծառ Միրիաթեան Ռատիովատիկանի ձայնասփիւռէն կոչ ուղղեց ի սպաս խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատումին, ''առանց ապահով իրավիճակի հաստատումին կարելի չէ յառաջ ընդանալ'' ըսաւ Ան ընդգծելով թէ սուրիացի ժողովուրդը այլեւս ապաւինած է միայն Աստուծոյ եւ աղօթքին, որովհետեւ յուսախաբ մնացած է միջազգային հասարակութեան խոստումներէն եւ յայտարարութիւններէն որոնք ոչ մէկ լուծումի  յանգեցան։

Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը ներկայացուց ապա բնակչութեան առօրեայի ողբերգական հոգեվիճակը, սկսեալ մանուկներէն` որոնք կը մեծնան առանց ապրելու իրենց մանկութիւնը, անցնելով տարեցներուն որոնք միայնակ մնացած են այդ տառապել եւ յօշոտուած երկրին մէջ հասնելով այդ այրերուն եւ կիներուն որոնց արժանապատուութիւնը ոտնակոխուած է եւ կը պայքարին իրենց առօրեայ հացը ապահովելու համար։ Մարդիկ որոնք ժամանակին օգնութեան կը հասնէին կարօտեալին եւ աղքատին եւ այսօր` հինգ տարիներու դաժան պատերազմէն ետք, իրենք են որ կարօտը ունին  օգնութեան եւ օժանդակութեան։

Մեր պահանջը ըսաւ գերապայծառ Միրիաթեան խաղաղութիւն է­,  միայն ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.