Հինգշաբթի, 12 մայիս 2016-ին, ութ հոգի վիրաւորուեցաւ Պոլսոյ ասիական բաժինի զօրանոցներու շրջանին մէջ: Պայթումը պատահեցաւ, երբ ականուած ինքնաշարժ մը ռմբահարուեցաւ հեռակայ դրութեամբ, զինուորական ինքնաշարժի մը կողքով անցած պահուն: Պոլսոյ նահանգապետ Վասիբ Շահինի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, պայթումին թիրախն էր զինուորական ինքնաշարժը: Դէպքին գծով հետաքննութիւն բացուած է:
Պոլսոյ այս պայթումը տեղի ունեցաւ երկրին մէջ տիրող այնպիսի լարուած մթնոլորտի մէջ, երբ յաճախակիօրէն կրկնուող պայթումներ ցնցեցին թրքական զանազան քաղաքներ ու շրջաններ` Վան, Տիգրանակերտ, Ճիզրէ, Քիլիս եւ այլն: Փոխադարձաբար թրքական բանակն ու ապահովութեան ուժեր ռմբակոծեցին նշեալ վայրերու կասկածելի թիրախներ, յատկապէս` քրտական զինեալ հակակշիռին տակ գտնուող դիրքերը: Պայթումները ընդհանրապէս կը ստանձնէին ՏԱՀԵՇ-ը ու քրտական կամ ձախակողմեան կուսակցութիւններ:
Երէկուան պայթումը ցարդ ոչ մէկ խմբաւորում ստանձնած է:
Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
All the contents on this site are copyrighted ©. |