2016-05-13 09:06:00

Հռոմ. Կիրակի 15 Մայիսին ''Ժողովուրդներու տօնախմբութիւն'' 25-րդ ձեռնարկը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Առանց սահմանի ողորմութիւն'' այս է ''Ժողովուրդներու տօնախմբութիւն'' 25-րդ ձեռնարկի 2016 տարուայ բնաբանը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Կիրակի 15 Մայիս 2016-ին, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի անուան Պազիլիքայի հրապարակին վրայ։ Ձեռնարկը ինչպէս ամէն տարի կազմակերպուած է Հռոմի թեմի գաղթականներու գրասենեակի, Հռոմի թեմական Քարիթասի եւ Սքալապրինեան միսիոնարներու կողմէ,  Հռոմի եւ անոր շրջակայքը ապրող օտարազգի համայնքներու եւ այլ կազմակերպութիւններու համագործակցութեամբ։

Ձեռնարկի բացումը նախատեսուած է Կիրակի 15 մայիսի առաւօտեան ժամը 9-ին, ապա 12,30-ին, Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի անուան Պազիլիքային մէջ,  Հռոմի Թեմի հիւսիսային շրջանի պատասխանատու եպիսկոպոսը` գերապայծառ Կուերինօ Տի Թոռա որ է նաեւ Միկրանթէս հիմնադրամի եւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Գաղթականներու ի սպաս յանձնախումբի նախագահը, պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վերոնշեալ տօնախմբութեան մասնակիցները։ 

Յետ միջօրէին նախատեսուած է ապա զանազան ազգութիւններու պատկան տաղաւարներու այցելութիւն եւ Էթնիկ կերակուրներու համտեսում ու բազմազգային եզրափակիչ գեղարուեստական մէկ ներկայացում։








All the contents on this site are copyrighted ©.