2016-05-13 08:58:00

Կիրակի 15 Մայիս 2016-ին Հռոմի մէջ Սուրիոյ Խաղաղութեան համար Հայածէս սուրբ պատարագ:


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ Կիրակի` 15 մայիս 2016-ին, ընդառաջելով Սուրիոյ Եպիսկոպոսներու կոչին, աղօթելու Սուրիոյ խաղաղութեան համար, Հռոմի Լեւոնեան Հայ դպրեվանքի Սուրբ Նիկողայոսի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ նախատեսուած կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը պիտի մատուցի Սուրիոյ Խաղաղութեան համար։ Լուրը կը հաղորդէ նոյնինքն Լեւոնեան դպրեվանքի Մեծաւորը. Գերյարգելի Նարեկ վարդապետ Նաամոյեան, նշելով նաեւ թէ Սուրբ պատարագի զոհը պիտի մատուցանէ Բերիոյ թեմի Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհիապատիւ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Միրիաթեան, որ այս օրերուն յատուկ առաքելութեամբ ժամանած է Հռոմ։ 
Յայտնենք թէ նախորդ օրերուն Սուրիոյ եպիսկոպոսները կոչ մը ուղղած էին համայն քրիստոնեայ աշխարհին, աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած,  Անորմէ հայցելով խաղաղութեան շնորհքը ապա միջազգային հասարակութենէն խնդրած էին որ չմոռնան Սուրիան ու յատկապէս Հալէպը եւ ամէն ճիգ թափեն վերջ դնելու պատերազմի այս ահեղ ու ողբերգական իրավիճակին եւ անոր պատճառաւ իրագործուած ամէն տեսակի դաժան բռնութիւններուն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.