2016-05-13 11:47:00

Եւրոյանձնաժողովը բոլոր պայմաններուն գործադրութիւնը կը պահանջէ անգարայէն


ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական Միութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր Մայիս 12ին յայտարարեց, թէ Եւրոմիութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Թուրքիոյ հետ այցագիրներու դրութիւնը ջնջելու որոշումին հետ կապուած պայմաններու կատարման եւ կ՛ակնկալէ, որ Անգարա հաւատարիմ մնայ անոնց:

Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի հրաժարականին՝ Եունքեր յայտնած է, որ վարչապետի փոփոխութիւնը պէտք չէ ազդեցութիւն ունենայ Եւրոմիութիւն-Թուրքիա համաձայնութիւններուն վրայ:

Ան նաեւ անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ Թուրքիա պիտի չփոխէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մասին իր օրէնքը, որ այցագիրներու դրութիւնը ջնջելու նախապայմաններէն մէկն է, եւ նշած է. «Եթէ պարոն Էրտողան թուրքերուն՝ առանց մուտքի արտօնագիրի ճամբորդելու իրաւունքը խոչընդոտելու մարտավարութիւնը ընտրէ, ապա թուրք ժողովուրդին առջեւ ի՛նք պատասխանատուութիւն պէտք է ստանձնէ: Այդ մէկը մեր հարցը չէ»:

Նշենք, որ Եւրոպական Միութիւնը իր անդամ երկիրներուն թելադրած էր սկզբունքով արտօնել թուրքերուն առանց այցագիրի Եւրոպա մուտքը՝ փոխադարձաբար Թուրքիայէն պահանջելով բարեկարգումներ, որոնց կարգին՝ ահաբեկչութեան հակադարձելու համար Թուրքիոյ որդեգրած բիրտ գործելաոճին փոփոխութիւնը:

Եւրոմիութիւնը արդէն իսկ առկախեց այս գծով Թուրքիոյ հետ նախատեսուող հանդիպում մը՝ սպասելով Թուրքիոյ պատասխանին:

Իսկ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքիր նոյնիսկ «անկարելի» նկատած է ահաբեկչութեան դիմակալման գծով իր երկրին որդեգրած ու կիրարկած քաղաքականութեան փոփոխութիւնը:

Նշենք, որ վերջին ամիսներուն, զինեալ սաստիկ բախումներ տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ, թրքական ապահովական ուժերուն եւ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներուն միջեւ: Թուրքիա բազմաթիւ քննադատութեանց կ՛ենթարկուի ահաբեկչութեան դիմադրելու պատճառաբանութեամբ իր կիրարկած բիրտ ու անմարդկային պատժամիջոցներուն համար, նոյնիսկ ՄԱԿը Թուրքիայէն պահանջած էր արտօնել իր քննիչներուն, որ հետաքննութիւն բանան այդ շրջաններուն մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.