2016-05-13 13:58:00

2016 տարին Ողորմութեան Սուրբ Տարի


«Տէր մեր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոս, որ մեծդ ես ողորմութեամբ եւ առատ պարգեւօք բարերարութեան Քո։ Որ Դու Քոյին կամաւ ի ժամուս յայսմիկ համբերեցեր չարչարանաց, խաչի եւ մահու յաղագս մեղաց մերոց եւ պարգեւեցեր առատապէս զպարգեւս Հոգւոյդ Սրբոյ երանելի առաքելոցն։ Հաղորդս արա՛ եւ զմեզ Տէր, աղաչեմք զՔեզ, աստուածային պարգեւացդ, թողութեան մեղաց եւ ընդունելութեան Հոգւոյդ Սրբոյ։»

“Մեր Տէր եւ Փրկիչը, Յիսուս Քրիստոս, Դուն մեծ ողորմութիւն ունիս եւ Քու բարերարութեան պարգեւներդ առատ են։ Դուն Քու կամքովդ այս ժամուն համբերեցիր չարչարանքներու, խաչի եւ մահուան՝ մեր մեղքերուն համար, եւ երանելի առաքեալներուդ շնորհեցիր Սուրբ Հոգւոյն առատ պարգեւները։ Կ’աղաչենք Քեզի, Տէր, հաղորդակից ըրէ մեզ աստուածային պարգեւներուդ, մեղքերու թողութեան եւ Սուրբ Հոգւոյ ընդունելութեան”։

Մեր Սուրբ Պատարագին մէջ քահանան այս աղօթքով կը դիմէ ողորմած եւ գթած Քրիստոսի։ Խոսրով Անձեւացի, Ժ. դարու մեր հոգեւորականներէն ունի Ս. Պատարագի մեկնութիւն մը, ուր ան յիշեալ աղօթքը կը մեկնէ հետեւեալ խօսքերով՝

«Որովհետեւ ան, Յիսուս, երկնքի ու երկրի Տէրն է, ապա կը խնդրենք անկէ, որ առաւել յատուկ գութ ցուցաբերէ մեր նկատմամբ, մանաւանդ, երբ անոր կ’աղաչենք իբր մեր Փրկիչը, որուն մարմնանալով եւ մահուամբ փրկուեցանք։ Իսկ ինչպէս որ ’մեծ ես ողորմութեամբ’ արտայայտութիւնը անոր անբաւ ողորմութիւնը ցոյց կու տայ, այդպէս ալ ցոյց կը տրուի անոր պարգեւներու անչափ առատութիւնը։ Բայց այստեղ ո՞րն է այս աղօթքի նախաշաւիղը։ Որովեհետեւ այս աղօթքը կը կատարուի երրորդ ժամուն, երբ Փրկիչը խաչ հանեցին եւ երբ Սուրբ Հոգին տրուեցաւ առաքեալներուն։ Խաչի վրայ համբերելը Անոր անչափ ողորմութեան արդիւնքն էր, որպէսզի մեր մեղքերու պարտքերը Իր մարմնով հատուցուի։ Նոյնն է նաեւ ’մեծ պարգեւները’, այսինքն՝ Սուրբ Հոգին, առատաբար եւ անհուն բարերարութեամբ շնորհելու պարագան։ Ուստի խաչի չարչարանքներուն համբերելու պատճառով է, որ կ’ըսէ՝ ’մեծ ես ողորմութեամբ’։ Իսկ ’առատ պարգեւօք բարերարութեան’ խօսքը կ’ըսուի Հոգին հեղելու պատճառով, ինչպէս շարունակութիւնը կը բացայայտէ։

Կ’ըսէ՝ ոչ թէ ոեւէ մէկուն հարկադրանքով, այլ կամաւորաբար կրեցիր բոլոր չարչարանքները՝ ողորմելով մեզի։ Եւ առանց պատճառի չէ, որ այս աղօթքը կը սկսի ’Դուն’ ըսելով, որովհետեւ քիչով կը պատրաստուի՝ շատի մասին խօսելու, այսինքն՝ Դու՛ն Աստուածդ եւ Հայր Աստուծոյ համագոյ Որդիդ, բոլորին Արարիչը, որուն երկնային անհամար բազմութիւնները մեծ երկիւղով կը ծառայեն, որուն հրամանով ծովը սահմանաւորուած է եւ ցամաքը հաստատուած, որուն խօսքով երկնքի հաստատութեան մէջ լուսատուներէն իւրաքանչիւրը ըստ կարգի կ’ընթանայ, որուն ձեռքով կը կերակրուին բոլոր տեսակի կենդանիները՝ Դուն, որ կ’իշխես բոլորիս վրայ եւ կը լիացնեզ մեզ ամէն ինչով, ոչինչով չես պարփակուիր, անհասանելի ես, անճառելի եւ անիմանալի, համբերեցիր չարչարանքներու՝ կապանքներու մէջ դրուելով, ատեանի մէջ կանգնեցար անարգուելով, թուք ընդունելով, ապտակուելով, կռփահարուելով, ձաղկուելով, փուշէ պսակով եւ ծաղրական զգեստով ծաղրուծանակի ենթարկուելով, եղեգնեայ գաւազանով գանահարուելով, նախ Պիղատոսի կողմէն մտրակով, իսկ յետոյ զինուորներուն կողմէ եղեգով ծեծուելով։ ’Համբերեցիր չարչարանքներուն’ ըսելով՝ ցոյց կու տայ այս եւ ասոր նմանները։ Ապա կ’ակնարկէ նաեւ խաչի չարչարանքները՝ մէկ բառով յիշեցնելով Անոր մերկացուիլը, խաչափայտին վրայ բեւեռուիլը, ծարաւիլը, լեղին ճաշակելը, շատերուն հայհոյանքին, նախատինքին եւ հեգնանքին արժանանալը ... ’Համբերեցիր մեր մեղքերուն համար’, որպէսզի Քու անպարտ արեամբդ ազատես պարտապաններս յաւիտենական մահէն եւ տանջանքներէն»։

Ահաւասիկ Ս. Պատարագի այս աղօթքը, որ քահանան ծածուկ կ’արտասանէ եւ քիչերու ծանօթ է, մեզի կը բացայայտէ Յիսուսի անսահման սէրը մարդ արարածին հանդէպ, որ ոչ մէկ կերպով Ինքն Իր անձին խնայեց՝ մեզ փրկելու, մեզ մահէ եւ մեղքէ ազատելու, մեզ Սուրբ Հոգիին շնորհքներով եւ պարգեւներով լիացնելու նպատակով։ Այս բոլորին մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ ողորմածութիւնը, գութը եւ կարեկցութիւնը՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ։ Այս իմաստով, Ս. Պատարագը՝ Աստուծոյ ողորմածութեան խորհուրդն է, փրկագործութեան խորհուրդն է, Աստուծոյ գոհութիւն մատուցանելու խորհուրդն է։ Երբ կը մասնակցինք Ս. Պատարագին եւ կը մօտենանք Սուրբ Սեղանին՝ միշտ յիշենք, որ այդ ողորմութիւնն է որ Աստուած կը զեղու մեր վրայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.