2016-05-12 11:11:00

''Քրիստոնեաները կը գործեն վասն միութեան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուս կ՛աղօթէ քրիստոնեաներու միութեան համար, սակայն եկեղեցւոյ մէջ կան ''որոմ ցանողները''` անոնք որոնք կը բաժնեն եւ իրենց լեզուներով կը կործանեն  հասարակութիւնները'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, հինգշաբթի 12 մայիս 2016-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։ 

''Քրիստոնեայ հասարակութիւններու եւ քրիստոնեայ ընտանիքներու միութիւնը վկայութիւն են այն իրողութեան որ Հայրը ուղարկեց Յիսուսը, որ չարչարանքներէն առաջ աղօթեց ''որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան'', ինչպէս Ինք եւ Հայրը մէկ են։ Սակայն քրիստոնէական  հասարակութեան, ժողովրդապետութեան եւ քրիստոնեայ ընտանիքի եւ կազմակերպութեան մէջ յաճախ դժուար կը թուի  ձգտիլ միութեան եւ այս մէկը մեզ ամօթ կը պատճառէ  որովհետեւ շատ անգամ պայքար կը մղենք մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն դէմ'' ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ այնտեղ ուր քրիստոնեաներուն միջեւ պայքար կայ այնտեղ չկայ վկայութիւն եւ յորդորեց ներողութիւն հայցել Տիրոջմէ, պատմութեան մէջ ինչպէս նաեւ ներկայիս գոյատեւող բաժանումներուն համար։

''Ոչ իսկ Զատիկին իրարու միացած ենք'' բացայայտեց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով թէ այս բոլորը պտուղն են սատանայի նախանձին, որ մեղքը մտցուց աշխարհ եւ այդ նոյն մեղքը մտցուց քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ` եսասիրութիւն, նախանձ, բաժանում, չարախօսութիւն....այդ անձերը կը կոչուին ''որոմ ցանողներ'', բաժանում ստեղծողներ, ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը աւելցնելով որ բաժանումները կը սկսին նաեւ լեզուով։ Լեզուն արդարեւ կարող է կործանել ընտանիքը,  հաս արկութիւնը եւ ընկերութիւնը. Լեզուն կարող է սերմանել ատելութիւն եւ պատերազմ։ Փոխանակ յստակացնելու հարցերը շատ անգամ կը դիմենք չարախօսութեան, ուրիշին համբաւը ոտնակոխ ընելու համար, յայտնեց  Քահանայապետը ու մէջբերեց Սուրբ Ֆիլիփփօ Ներիի կեանքէն միջադէպ մը ուր սուրբը ''չարախօս'' կնոջ մը խոստովանանքի որպէս մեղքերու քաւութիւն առաջարկած էր հաւ մը առնել ու փետել անոր փետուրները ու զանոնք տարածել թաղամասին մէջ հուսկ մէկիկ մէկիկ հաւաքել։ Կինը սակայն կը պատասխանէ թէ այս մէկը անկարելի է։ ''Այս է ահա չարախօսութիւնը'' հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը։ Չարախօսութիւնը կը պղծէ միւսը։ Կը քանդէ անոր համբաւն ու կեանքը, կը գործէ ճշմարտութեան դէմ։

Յիսուս աղօթեց մեզի համար, որպէսզի մէկ ըլլանք։ Մենք ալ աղօթենք Տիրոջ որ մեզի պարգեւէ միութեան շնորհքը, միութեան պարգեւը, որովհետեւ սատանան միշտ մեզ կը մղէ բաժանումի։ 

''Ո՞րն է պարգեւը միութեան'' հարց տուաւ Սրբազան Հայրը իր քարոզին աւարտին ու պատասխանեց. ''Սուրբ Հոգին''։

''Հայցենք ներդաշնակութեան շնորհքը, հայցենք խաղաղութիւնը միութեան հետ միասին։ Հայցենք բոլոր քրիստոնեաներու համար միութեան շնորհքը եւ շնորհքը խածնելու նաեւ մեր լեզուները'' եզրափակեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.