2016-05-12 14:00:00

Քահանայապետի ի նպաստ հիմնարկութեան միջազգային համագումարը


(Ռատիօ Վատիկան) 12-14 մայիս 2016-ին, Վատիկանի  նոր սիւնհոդոսական  դահլիճին մէջ տեղի կ՝ունենայ     Քահանայապետի ի նպաստ ՝՝Centesimus Annus՝՝ հիմնարկութեան միջազգային համագումարը։  Այս առնչութեամբ,  հինգշաբթի, 11 մայիսին, հիմնարկութեան մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ  տեղեկութիւններ տուաւ  համագումարին  նիւթին եւ անոր կէտնպատակներուն մասին։

Միջազգային համագումարին խորագիրն է ՝՝աղքատութեան պայքարին մէջ  գործարանական  նախաձեռնութիւն , գաղթականներուն շտապ հարցը''։

Քահանայապետական հիմնարկութեան նախագահ  Տիար Domingo Sugranyes Bickel, հաղորհագրութաեն մէջ յայտնած է , թէ  համագումարը առիթ կը հանդիսանայ  խորացնելու այն նիւթը ՝թէ գործարարը ինչպէս  կարող է    նպաստել աղքատութեան հակազդեցութեան  եւ  գաղթականներուն շտապ հարցերու լուծման։

Համագումարին ընթացքին  տեղի կ՛ունենան  բանակցութիւնները ընդմէջ գիտնականներու եւ այն անձերու միջեւ,  որոնք շօշափելի կերպով յանձնառու են ընկերութիւններու մատակարարման ծիրէն ներս։

Համագումարին կանչուած են գործարանական աշխարհէն զանազան դաւանանքներու պատկանող  անձնաւորութիւններ եւ  գաղթականութեան հարցերով զբաղող  մասնագէտներ՝ ներկայացնելու համար իրենց շօշափելի  վկայութիւնները։

Համագումարին պիտի արծարծուի նաեւ այն նիւթը՝ թէ ինչպէս կաթողիկէ եկեղեցին կրնայ  դաշնակիցներ գտնել զանազան դաւանանքներու եւ կրօններու պատկան հաւաատացեաներու եւ ոչ հաւատացեալներու միջեւ՝  ընթանալու համար այն ուղիին վրայ, զոր կ՝առաջնորդէ դէպի աւելի մարդկային տնտեսականութեան։

Համագումարին ելոյթ պիտի ունենան  ի մէջ այլոց կարդինալ Փելլ եւ Գերապայծառ Փոլ Կալլակեր,  որոնք պիտի զրուցեն   Սուրբ Աթոռի զանազան  գործունէութիւններու մասին։

Նշենք թէ ուրբաթ, 13 մայիսին, համագումարին մասնակիցները հանդիպում պիտի ունենան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.