2016-05-12 11:44:00

Ժամանակն է, որ Նախագահները հանդիպին. Մինսկի Խումբի համանախագահներուն յայտարարութիւնը։


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Ճէյմս Ուորլիք եւ Փիեռ Էնտրիւ տարածած են յայտարարութիւն մը, ուր կը նշեն, թէ ինչպէս առաջ, այնպէս ալ այժմ ամբողջապէս հաւատարիմ կը մնան ղարաբաղեան հակամարտութեան միջնորդական ջանքերուն, կը հաղորդէ «Արցախփրես»-ը:

Սահմանագիծի երկայնքով վերջին ժամանակներուն բռնութեան դէպքերու եւ տիրող լարուածութիւնը թօթափելու ծիրին մէջ, ըստ համանախագահներուն, ժամանակն է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները հանդիպին:

«Մեր երկիրներու (Ռուսիա, Ֆրանսա եւ ԱՄՆ) արտաքին գործոց նախարարները պատրաստ են նպաստելու այդ հանդիպման կայացումին յաջորդ շաբաթ, Վիեննայի մէջ: Անոնց հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ զինադադարի պահպանման ամրապնդումը եւ վստահութիւն ձեռք բերելու ուղիներ փնտռելը, որ պիտի վերականգնէ բանակցային գործընթացը` հիմնախնդրի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ:

«Բանակցութիւններուն մէջ ոչ մէկ յաջողութիւն կրնար ըլլալ շարունակուող բռնութիւններու պարագային եւ աւելին, խաղաղութիւն չի կրնար ըլլալ առանց բանակցութիւններու: Մենք կը պնդենք, որ չի կրնար ըլլալ հակամարտութեան լուծում ռազմական ճանապարհով», -ըսուած է համանախագահներուն յայտարարութեան մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.