2016-05-12 10:26:00

՝՝Կրթական հաստատութեան մը ճամբան աւարտ չունի՝՝ ըսաւ Տիար Կրէկուար Գալուոստ


Անցեալ 10 մայիս 2016-ի երեկոյեան, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը տօնախմբեց վարժարանիս ամավերջի հանդէսը, զոր հովանաւորեց Պէյրութի Պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս  գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան։

Յայտնենք.  թէ   Մեսրոպեան վարժարանը հիմնադրուած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս ԺԵ.ի, հայր Պօղոս Արիսի եւ հայր Պօղոս Պզտիկեանի համատեղ ջանքերով 1939 թուականին:
Մինչ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը հիմնադրուած է  հայր Եղիա Եղիայեանի կողմէ, 1983-ին:

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը, արուեստից դպրոցին հետ միասին, լիբանանահայկական եւ հայ կաթողիկէ Պատրիարքական վարժարան է, մանկամսուրէն մինչեւ երկրորդ պաքալորէայի դասարան:

Վարժարանի նպատակն է զարգացնել իր սաներու անհատականութիւնը հոգեւոր եւ ներդաշնակ եղանակով։ Վարժարանը կ՛առաջադրէ յարմարագոյն միջավայրը իւրացնելու հոգեւոր-կրօնական, բարոյական եւ հայ-լիբանանեան մշակութային արժէքներ, որոնք աշակերտները կարող կը դարձնեն դառնալու ճշմարիտ, հաւատարիմ եւ օրինապահ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ գործունեայ անդամներ ընկերութեան եւ հայկական համայնքային կեանքին մէջ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք 2015 -2016 ամավերջի հանդիսութեան` Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն  Պր Կրէկուար Գալուստի արտասանած խօսքը.

  . Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր

. Մեծայարգոյ Հիւպատոս Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան
. Յարգելի Կցորդ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան

. Մեծայարգ պետական այրեր, Նախարարներ եւ Երեսփոխաններ

. Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ Հայրեր

. Առաքինազարդ Քոյրեր

. Յարգարժան պաշտօնակիցներ

. Ազգային, համայնքային, քաղաքական, մշակութային, հայրենակցական միութիւններու եւ պատկան մարմիններու մեծարգոյ ներկայացուցիչներ 

. Յարգելի անդամներ վարժարանիս տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու

. Սիրելի ծնողներ

. Մեսրոպեանի սիրելի հարազատներ

. Շատ սիրելի շրջանաւարտներ

Ողջոյն Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի 2015-2016 տարեշրջանի հունձքին: Ողջոյն Մեսրոպեանի աւարտական նորագոյն սերունդին:

Այսօր հաւաքուած ենք տանիքին տակ կրթական պատկառելի հաստատութեան մը, որ քանի մը տարիէն պիտի թեւակոխէ հիմնադրութեան 80-րդ տարին: Մեսրոպեանը ամենավաստակաւոր սերմնացաններէն մէկը հանդիսացաւ լիբանանահայ կրթական դաշտին, եւ  այսօր ահաւասիկ անգամ մը եւս մեր ժողովուրդին առջեւ հանդէս կու գայ պայծառ պատկերով, ապագային ուղղուած կրթական նոր ծրագիրներով:

Այս աւանդը մեզի փոխանցուեցաւ վարժարանի հիմնադիր եւ տնօրէն Հայ Կաթողիկէ Զմմառեան պատրիարքական միաբաններուն կողմէ, որոնց նուիրումը՝ կրթական գործին յաւերժ ուսանելի դաս պիտի մնայ մեզի համար եւ պարտաւորեցնող օրինակ՝ շարունակելու սերունդներու դաստիարակութիւնը՝ այս յարկին տակ:

Այս առիթով, յատուկ կերպով կ՛ողջունեմ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմին Օգնական եպիսկոպոս Արհիապատիւ Տէր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանը, որ կը հովանաւորէ այսօրուայ հանդիսութիւնը:
Գերապայծառը յանձն առաւ այսօր ըլլալ մեր հետ, իր խօսքը ուղղել այս առիթով եւ մեր հետ կիսել կրթական այս տօնին ուրախութիւնը:
Այսօր Հայր Գէորգին ներկայութիւնը այստեղ՝ մեզմէ իւրաքանչիւրին կը պարգեւէ պատիւ եւ ուրախութիւն:

Սիրելի՛ շրջանաւարտներ,

Կը շնորհաւորեմ ձեզ Մեսրոպեան վարժարանը աւարտելուն առիթով, այն հաստատ համոզումով, որ դուք ալ կը գիտակցիք, որ այս օրը ձեր ուսումնական կեանքին մէջ վերջակէտ չէ, աւարտ չէ, այլ` սկիզբը նոր հանգրուանի մը:

Այս բեմէն ձեր առջեւ նոր հորիզոն մը կը գծագրուի: Մեկնելով լոյսի աղբիւրէն, դուք հետամուտ պիտի ըլլաք աւելի յորդառատ լոյսի, գօտեպնդուած Մեսրոպեան վարժարանի դաստիարակութեամբ եւ կրթութեամբ:

Մենք կը սպասենք, որ Դո՛ւք, որպէս մեսրոպեանականներ, վաղը համալսարաններուն մէջ արձանագրէք փայլուն յաջողութիւններ, դառնաք յարգուած մասնագէտներ՝ զանազան ասպարէզներու մէջ եւ կայանաք որպէս ընկերութեան լիարժէք ու գործունեայ անդամներ՝ բարձր պահելով ձեր վարժարանին անունը:

Դո՛ւք, որպէս հայու սերունդներ, Մեսրոպի շունչն ու ոգին տարածելու առաքելութիւնը ունիք ու մեր ազգային գոյութեան յաղթերթը շարունակելու պարտականութիւնը ունիք: Ձեզմէ կը սպասուի, ու ձեզի կը մաղթենք, որ ըլլաք այն սերունդը, որ վերականգնէ մեր ազգին իրաւունքները իր պատմական հայրենիքին մէջ ու ծաղկեցնէ նոր Հայաստանը, նոր հայութիւնը՝ ի փառս մարդկային քաղաքակրթութեան:

Ձեզմէ իւրաքանչիւրին կը մաղթեմ կանաչ ճանապարհ, փայլուն ապագայ, առողջութիւն եւ յաջողութիւն:

Յարգարժան ծնողներ,

Այսօր ձեր զոհողութիւններուն պսակադրութեան օրն է, ձեր բերքահաւաքի օրն է, ձեր աշխատանքի արդար հատուցման եւ անխառն վայելքի պահն է: Դուք մեծ նուիրումով, երբեմն ցաւով եւ երբեմն նոյնիսկ արցունքով` բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով ձեր զաւակները հասցուցիք յաջողութեան ափ: Առանց ձեր աջակցութեան, այս արդիւնքին պիտի չհասնէինք, չէինք կրնար հասնիլ: Ձեր վարձքը կատար:

Յարգելի ուսուցիչներ, գործընկերներ,

Ձեր տարիներու բծախնդիր, կազմակերպուած եւ նուիրական աշխատանքին արդիւնքն է այս հունձքը՝ 52 շրջանաւարտներու այս բերքը: Վստահ եղէք, որ անոնք մեզմէ իւրաքանչիւրին պատիւ պիտի բերեն եւ մեր յոյսերը անպայմանօրէն պիտի արդիւնաւորեն:

Ձեզմէ իւրաքանչիւրին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, եւ կը մաղթեմ, որ միեւնոյն ոգիով շարունակէք ձեր սրբազան առաքելութիւնը:

Մեսրոպեանի հարազատ բարեկամներ եւ բարերարներ,

Մենք յանձնառութիւն մը ունինք ձեր առջեւ, ու տէր կը մնանք անոր: Ձեր բարոյական եւ նիւթական նեցուկին շնորհիւ այս հաստատութիւնը կը գոյատեւէ, կ՛արձանագրէ վերելք: Վստահ եղէք, որ ձեր աջակցութիւնը կը մնայ էական՝ Մեսրոպեանի մէջ կրթական գործը յաջողութեամբ շարունակելու համար: Մենք հաւատարիմ պիտի մնանք Մեսրոպեանի կրթական հանգանակին, անոր քրիստոնէական եւ հայկական նկարագրին, որուն պահպանման համար պատիւը նաեւ կ՛երթայ ձեզի: Այս առիթով, մեր երախտագիտական զգացումները կը փոխանցենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին, անխտի՛ր:

Յարգելի ներկաներ,

Մենք չենք բաւարարուած մինչ այսօր արձանագրած մեր յաջողութիւններով: Կը խոստանանք շարունակել զարգացման ուղին` քայլ պահելով արդիական միջոցներուն, կրթական նոր մեթոտներուն, կառուցային փոփոխութիւններուն եւ բոլոր տեսակի նորարարութիւններուն հետ, որոնք կը նպաստեն Մեսրոպեանի վերելքին, Մեսրոպեանի յառաջադիմութեան:

Վերջապէս, յատուկ շնորհակալութիւն Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան` ժողովրդապետ Հայր Պերճին եւ փոխ ժողովրդապետներ Հայր Ղազարին եւ Հայր Խաչիկին, որոնք մասնակիցն ու հսկողն են մեր աշակերտութեան հոգեւոր դաստիարակութեան: Շնորհակալութիւն Մեսրոպեանի մեծ ընտանիքին մաս կազմող բոլոր անհատներուն եւ միութիւններուն, ծնողկան յանձնախումբին, նախկին սաներու միութեան, Սուրբ Մեսրոպի արիներուն՝ իրենց ցուցաբերած գործակցութեան, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին` ձեր ներկայութեան համար:

Կրթական հաստատութեան մը ճամբան աւարտ չունի. սերունդներ եկան՝ ուսանելու, սերունդներ կ՛երթան՝ աւարտելով ու վաղն ալ պիտի գան՝ նոյն նպատակներով. մեզի համար էականը այն է, որ անոնք մեսրոպեանական մնան, կարեւորը` ունենան ապահով ու փայլուն ապագայ, եւ ակնկալութիւնը, որ ծառայեն իրենց եկեղեցիին, ազգին ու հայրենիքին: Շնորհակալութիւն:

6 Մայիս 2016                                                                                 

Կրէկուար Գալուստ








All the contents on this site are copyrighted ©.