2016-05-11 13:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ''Պեքթաշի'' հասարակութեան համաշխարհային կրօնապետին հետ


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 11 մայիս 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9.00-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ, նախ քան չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց Պեքթաշի հասարակութեան համաշխարհային կրօնապետ ՝Տիար Էտմոնտ Պրահիմաժին։

Պեքթաշ անուան հասարակութիւնը  մահմետական եղբայրակցութիւն մըն է,    որ հիմնուած է Թուրքիոյ Անատոլի քաղաքին մէջ՝ տիար Հաժի Պեկթաշ Վելիի կողմէ։ Ան տարածուած է յատկապէս Ալպանիոյ մէջ։  Պեքթաշի հասարակութեան անդամները  իրենք զիրենք չեն համարեր որպէս Սիւնիթ համայնքի պատկան,  այլ  աւելի մօտիկ են Սուֆի շիիթներուն։

Ինչպէս բոլոր Ալպանացի կրօնային հասարակութիւնները, ­ Պեքթաշի հասարակութիւնը եւս շատ տառապանք կրած է Ալպանիոյ մէջ ՝ համայնավարութեան շրջանին։

Պէքթաշի հասարակութիւնը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցին լաւ  կապերու մէջ  կը գտնուին։

Ալպանիոյ մէջ  3 միլիոն բնակչութեան 2 առ հարիւրը մաս կը կազմեն Պեքթաշի հասարակութեան

 

Պեքթաշի հասարակութեան յարաբերութիւնները Վատիկանի հետ։

 

Զանազան առիթներով Պեքթաշի հասաակութաեան ներկայացուցիչները  իրենց մասնակցութիւնր բերած են Սուրբ Աթոռի զանազան նախաձեռնութիւններուն։

Ասոնք շարքին նշենք հետեւեալները.

1993-ին,  Ասսիզի քաղաքին մէջ կատարուած  Պալքան երկիներուն խաղաղութեան ի սպաս կազմակերպուած  աղօթքի ձեռնարկը

19 հոկտեմբեր 2003-ին , Քալքութայի Մայր Թերեզայի երանացման արարողութիւնը։

2002-ին եւ 2011ին Ասսիզի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած խաղաղութաեան ի սպաս աղօթքի օրուան ձեռնակը։

Ի վերջոյ 2014-ի՝ սեպտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապի Ալպանիա կատարած

Առաքելական այցելութեան ընթացքին  Սրբազան Հօր հանդիպումը Պեքթաշի հասարակութեան անդամներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.