2016-05-11 09:24:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Բարեխօսները շատցան երկինքին մէջ

Սուրբերը մեր կարիքը չունին: Մե՛նք ունինք անոնց կարիքը: Ազգովին մենք օգտուեցանք մեր բիւրաւոր նահատակներու սրբադասման դարակերտ պատեհութենէն, որովհետեւ մեզի համար անթիւ ու անհամար բարեխօսներ ունեցանք երկինքին մէջ: Ազգ մը, որուն սուրբերը անհաշիւ են երկինքին մէջ, սակայն դարձեալ անբաւարար այն կարիքին դիմաց, զոր ունին այս կեանքին մէջ ապրող զաւակները մեր ժողովուրդին: Երկինքին մէջ հաւաքուած մեր նահատակներուն շարքին իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն զոհերուն շարասիւնը, որ կը զարդարէ երկինքի լուսահեղ պողոտաներն ու փառապսակ հրապարակները:

Դարերի հոլովոյթին մէջ, արեան հեղեղը իր ամեհի կարմիր ալիքներուն թանձրութեան մէջ ընկղմած է ու խեղդած բազմաթի՜ւ քաջարի լողորդները մեր ազգի զաւակներուն: Այդ հեղեղը տարած ու լեցուցած է զանոնք արեան անտակ հորերուն մէջ, անվերադարձ հեռացուցած է լոյս աշխարհէն, ուր անոնց աճիւնները անվերջ կը մկրտուին սրբազան մասունքներ իբրեւ, ծիսական յարատեւ լուացումով:

Հոգիացած կորաքամակ մարդոց անվերջանալի հերթ մը կայ այնտեղ՝ երկինքին մէջ, որոնք անապատի կուսական աւազներուն վրայէն անցնող ուղտերու անվերջանալի կարաւաններու նման, իրարու ագուցուած ամուր պախուրցներով հանդարտ կ՛ընթանան, դէպի անծայրածիր հորիզոն՝ դէպի փայլուն արեւը, դէպի իսկական կեանքը: Աքսորի ժանգոտած շղթաներն են իրարու ամրացուած այդ պարանները, որոնք երկինքին մէջ փոխակերպուած են հիմա քնարի ոսկեայ լարերու, իւրաքանչիւր քայլափոխին հետ նուագելով «Սուրբ, Սուրբ»ը Սուրբ պատարագի, մինչեւ այսօր պատարագուող նորեկներուն ի պատիւ…

Արդեօք մենք արժանի՞ ենք նոյնիսկ ունկնդիր ըլլալու այս սրբազան համերգին, կամ երկնաւոր վեհարանի գուցէ վերջին աթոռին նստած՝ հանդիսականը դառնալու վկայաբանութեան այս հանդէսին:

– Ո՛չ, արժանի չե՛նք: Իրաւա՛մբ արժանի չենք:

Որովհետեւ մենք չկարողացանք թօթափել աքսորականի նուաստացուցիչ շղթաները մեր ոտքերէն: Վերապրեցանք անապատէն, բայց մեր ոտքերը տակաւին աւազաթաթախ են: Մենք դեռ գաղթական ենք ու թափառական: Մենք ունենք Հայաստան, բայց ո՛չ իբրեւ ամբողջական հայրենիք: Անիկա մասնիկ մըն է միայն, երբ աշխարհացրիւ գոյնզգոյն հայրենիքներու մէջ յղփացած, կ՛աղօթենք տիրանալ մեր երազի հայրենիքին, ուր օր մը թողուցին մեր նահատակները իրենց սէրերն ու երազները, իրենց ձգտումներն ու տեսիլքները անաւարտ…

Գաղթականի կոպիտ ու անհարթ ցուպը դեռ կը շարունակէ կոշտացնել խանձող արեւէն ճաքճքած մեր ափերը: Ընդունինք, թէ չկրցանք շպրտել զայն մեր ձեռքէն: Մենք կամաւոր գաղթականներ դարձած ենք ամէն տեղ, բոլոր երկիրներուն մէջ, բայց ո՛չ թէ մերկ կամ կարկտնուած ցնցոտիներով, այլ՝ շքեղ շրջազգեստներով, պատուական փողկապներով եւ փետրաւոր գլխարկներով: Մեր սեփական որոշումն է այլեւս, որ մեզի կը մղէ դէպի օտարութիւն, ինքնակամ հեռանալու հայրենիքէն: Բռնագաղթէն գաղթ եւ գաղթէն ալ արտագաղթ… Առաջինը՝ մեզի համար նախածրագրուած թշնամիին կողմէ, երկրորդը՝ անոր հետեւանքով պարտադրուած մեզի, իսկ երրորդը՝ մեր շփացած կամքով իրագործուած, ի հեճուկս մեզի:

Ժողովուրդները չեն տեղափոխուիր ինքնակամ: Քոչուոր ցեղերն են միայն, որոնք կը լքեն իրենց ժամանակաւոր կայքերը, բարեխառն կլիմայի հետեւողութեամբ աւելի կանաչ արօտավայրեր փնտռելու նպատակով: Դարաւոր ազգերը կը մնան իրենց պապենական երկրին մէջ, կ՛արարեն հայրենի հողին վրայ եւ կ՛ապրին խաղաղ ու երջանիկ պայմաններով: Իսկ վտանգի պահուն, անոնք արեան գնով կը պաշտպանեն իրենց ժառանգած հայրենիքը, ըլլայ այն քարքարոտ թէ ծովափնեայ, դաշտային թէ լեռնային, որովհետեւ անոր հողին միախառնուած է իրենց պապերուն արիւնն ու քրտինքը:

Մեր ոտքերուն կամաւորաբար անցուցինք արտագաղթի շղթաները. եւ այն ճանապարհները, ուրկէ պիտի քալէինք, գիտէինք, թէ արիւնելու էին ո՛չ միայն մեր, այլեւ մեր զաւակներուն ու թոռներուն ոտքերը։

Ապրիլ ամիսն է դարձեալ, գարուն: Ծլեր ու ծաղկեր են Որդան կարմիրին սիրտէն ժայթքող բոսորագոյնով ներկուած կակաչները:

Կեղծ սիրոյ պատրանքէն տուժած բազմաթի՜ւ երիտասարդներու նման, Ապրիլեան մեր «կակաչներն»  ալ սրտի սեւով ծաղկեցան այս տարի, ազգին անդաստանը համալրելով նոր սուրբերու թարմ ներկայութեամբ:

Դարձեալ մենք եղանք օգտուողները, բայց՝ անարժանաբար: Եկեղեցի եւ ժողովուրդ, տեսէ՜ք, մեր հաւատքի ակունքներուն սուրբերու մարտական խումբեր կը կազմաւորուին, երկինքին մէջ շարունակելու համար պայքարը մեր՝ վասն ազատութեան: Բոլորին համար անտէր ու անպաշտպան կարծուած ազգը մեր, մեծագոյն պաշտպանին՝ Աստուծոյ մօտ մնայուն բարեխօսներ ունեցաւ: Բարեխօսներ՝ ո՛չ թէ օրացուցային սուրբերու զմռսուած դասակներու օրինականացած կաղապարներով, այլ՝ շատ սրտամօտ ու հարազատ, հին բարեխօսներուն հետ յաւերժական երգակցութեամբ:

Հաւատարիմ մնանք թափուած եւ հոսող սուրբ արեան: Գործադրողը մնանք ժառանգուած կտակին եւ ունկնդիրը՝ լեռնականի ձայնով աղաղակող ներկայ պատգամին: Ականջալուր ըլլանք մեզի հասնող օգնութեան կոչերուն եւ յանձնառու՝ օժանդակութեան: Հնազանդ ըլլանք տրուած խրատին եւ ըմբռնողը՝ անցեալի սխալները չկրկնելու ցեղային իմաստութեան. որպէսզի արժանի ըլլանք երկինքին մէջ շատցած մեր սրբերամ նահատակներուն լիաբերան բարեխօսութեան:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.