2016-05-11 09:08:00

Լեհաստան – Քրիստոնեայ նահատակներու համար համամիութենական աղօթք Վարշավիայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կը բաղձանք գթասրտութեամբ ողջագուրել բոլոր այն հարցերն ու վայրերը, ուր մեր ներգործութիւններով ի վիճակի չենք հասնիլ´´ այս էր կէտնպատակը քրիստոնեայ նահատակներուն ի սպաս աղօթքի հանդիպումին կազմակերպիչներուն։

Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 10 Մայիս 2016-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաքին մէջ, Լեհաստանի մայրաքաղաքի թեմին առաջնորդին նախագահութեամբ։  Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան կրօնական բազմաթիւ պատուիրակութիւններ։ Հանդիպումը նուիրուած էր Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի, Ասիայի ու Լատին Ամերիկայի բոլոր այն զոհերուն ի յիշատակ, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հաւատարիմ մնալու իրենց հաւատքին։

Նախաձեռնութիւնը ձեռնարկած էր Սանդ Էճիտիոյ հասարակութիւնը։ Հաւաքին բնաբանն էր ´´Ողորմութեան վկաները´´։

Նշենք որ աշխարհի մէջ հալածուած քրիստոնեաներու թիւը շուրջ 200 միլիոն է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.