2016-05-11 08:56:00

Իւեթա Մուկուչեան անցաւ «Եւրատեսիլ 2016»-ի եզրափակիչ փուլ


Սթոքհոլմի Globe Arena-ի մէջ կայացաւ «Եւրատեսիլ» մրցոյթի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլը:

Հայաստանի պատուիրակ Իւեթա Մուկուչեան Love Wave կատարմամբ հանդէս եկաւ 7-րդ թիւին տակ: Քուէարկութեան արդիւնքով` Իւեթան անցաւ եզրափակիչ փուլ:

Հայաստանի հետ միասին «Եւրատեսիլ-2016» համաեւրոպական երգի մրցոյթի եզրափակիչ փուլ անցան նաեւ Ատրպէյճանը, Ռուսիան, Նիտեռլանտները, Հունգարիան, Խորուաթիան, Աւստրիան, Չեխիան, Կիպրոսը եւ Մալթան:

Յիշեցնենք, որ երկրորդ կիսաեզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 12-ին, իսկ յաղթողի անունը պարզ պիտի դառնայ Մայիս 14-ին:

«Եւրատեսիլ-2016» երգի միջազգային մրցոյթի եզրափակիչ փուլ անցած մասնակիցներու մամուլի ասուլիսի ժամանակ լրագրողներէն մէկը Հայաստանը ներկայացնող Իւեթա Մուկուչեանին հարց ուղղած է  «Կանաչ սենեակ»-ին մէջ անոր բարձրացուցած ԼՂՀ  դրօշին մասին: Յիշեցնենք, որ ԼՂՀ դրօշը արգիլուած դրօշներու ցանկին մէջ էր:

Իւեթա Մուկուչեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է հարցումին համար` նշելով, որ կը սպասէր այդպիսի հարցումի, այնուհետեւ` աւելցուցած է. «Դուք պէտք չէ մոռնաք, որ ես կը ներկայացնեմ իմ երկիրս եւ իմ սիրտս, իմ մտքերս ու բոլոր յոյզերս հայրենիքիս հետ են: Այն ամէնը ինչին ես կոչ կ՛ընեմ, կ՛ուզեմ գոչել, պոռալ` խաղաղութիւնն է: Խաղաղութիւն կ՛ուզեմ սահմանին վրայ: Հայաստանը խաղաղութիւն կ՛ուզէ: Նոյն այդ պատճառով ալ գրած եմ իմ երգս` «Սիրոյ ալիք»: Սէր եւ խաղաղութիւն. բարձրացուցած եմ դրօշը, որ մարդիկ կեդրոնանան այդ մտքի վրայ` խաղաղութիւն ամբողջ աշխարհի մէջ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.