2016-05-11 09:16:00

Եւրոպական միութեան եւ Թուրքիոյ հանդիպումը չեղեալ յայտարարուեցաւ


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ Թուրքիան եւ Եւրոպական Միութիւնը համաձայնած են չեղեալ նկատել երկկողմանի հանդիպումը, որ տեղի պիտի ունենար ուրբաթ օր:

Որոշուած էր, որ այս հանդիպումին ընթացքին քննարկուին տարբեր հարցեր, որոնց կարգին` Եւրոպական Միութեան երկիրներ առանց այցեգիրի թուրքերուն մուտքը:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն








All the contents on this site are copyrighted ©.