2016-05-11 11:35:00

Գերապ. Ասատուրեան ''դպրոցը է նաեւ հայեցի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան դարբնոց''


Երեքշաբթի, 10 մայիս 2016-ին՝ երեկոյեան, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ վարժարանին եւ  արուեստից վարժարաններու ամավերջի հանդէսը, հովանաւորութեամբ  Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս  գերապայծառ Գէորգ եպիսկոպս Ասատուրեանին եւ մասնակացութեամբ եկեղեցական , քաղաքական բարձրաստիճան  անձնաւորութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայրենասիրական հաստատաութիւններուն եւ վարժարանի աշակերտներուն։

Ամավերջին հանդէսի ընթացքին ի մէջ այլոց խօսք առաւ  Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանը եւ իր պատգամին մէջ ըսաւ. 

՝՝Այսօր դուք  կ՛ուրախանաք եւ կը հպարտանաք ձեր ուսումնական յաջողութիւններով , որոնց պսակումն են ձեր վկայականները: 

Բայց դպրոցը միայն գիտական ուսումնարան չէ, այլ  հայեցի եւ քրիստոնէական  դաստիարակութեան դարբնոց:

Մեսրոպեանի մէջ դուք հարստացաք  ոչ միայն ձեր վկայականներուն համար անհրաժեշտ գիտելիքներով, այլ հայեցի ու քրիստոնէական դաստիարակութեամբ: Դուք այդ դաստիարակութիւնը պսակող վկայականին պիտի արժանանաք, եւ անով մեզի հպարտութիւն պիտի պարգեւէք ձեր կեանքի օրինակով, ձեր հաւատարմութեամբ այն բոլոր քրիստոնէական ու հայկական արժէքներուն որոնք ձեզի փոխանցուեցան  մեր նախահայրերուն կողմէ:

Այդ արժէքներու պահպանումին համար ձեր նախահայրերը նահատակուեցան եւ իրենց արեամբ ձեզի կտակեցին այդ արժէքները: 

Այս վարժարանին մէջ դուք օժտուեցաք ոչ միայն զանազան ասպարէզներու մէջ ձեր յաջողութիւններուն համար անհրաժեշտ գիտելիքներու պաշարով, այլ նաեւ ձեր քրիստոնեայ հայու ինքնութիւնը բնորոշող արժէքներով:  Այդ արժէքներուն առանցքը ձեր լեզուն է, Մայրենի լեզուն:

Լեզուն պիտի յատկանշէ ձեր ինքնութիւնը: Լեզուն ձեզի պիտի յիշեցնէ որ դուք հա՛յ քրիստոնեաներ կամ քրիստոնեա՛յ հայեր էք: Ասոնք մեր ինքնութեան անբաժանելի երկու երեսներն են: Մեր նախահայրերը նահատակուեցան որովհետեւ Հայ էին եւ քրիստոնեայ: 

Դուք Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ  նահատակներուն Կտակին ձեր հաւատարմութեան  վկայութիւնը պիտի տաք դառնալով զինուորագրեալները  մեր գոյերթին, մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերումին, մեր բոլոր դատերու յաղթանակին ի խնդիր  մեր պայքարին:

Իբրեւ Հայ եւ Քրիստոնեայ ձեր ապագայ յաջողութիւնները պայմանաւորուած են նաեւ այդ պայքարին յաղթանակով, որուն կերտումին իր մասնակցութիւնը բերելու կոչուած է ամէն մեսրոպեանական՝՝:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.