2016-05-10 09:35:00

Ֆրանսայի նախագահը Ռայի Պատրիարքին հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան հարցը


Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ  երկուշաբթի, 10 մայիս 2016-ին,  Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, նախագահական ընտրութեան թղթածրարը, Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական տագնապը, Լիբանանի վրայ շրջանային տագնապներուն ունեցած տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Լիբանանին կրած ծանր բեռը գաղթականները հիւրընկալելու եւ անոնց կարիքները հոգալու առումով:

Այս շրջագիծին մէջ, Ռայի պատրիարքը Հոլլանտէն պահանջեց քաղաքական, տնտեսական, կրթական եւ ընկերային առումով բազմապատկել ֆրանսական ջանքերը` օժանդակելու համար Լիբանանին:

Ռայի պատրիարքը այցելեց նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Փարիզի կեդրոնը, ուր արտասանեց խօսք մը` շեշտելով, որ քաղաքակրթութիւնն է երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միակ փրկութիւնը: «Հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մենք պէտք է միասին գործենք փրկելու համար մեր քաղաքակրթութիւնը, որուն գոյութեան կը սպառնան ծայրայեղութիւնն ու ահաբեկչութիւնը», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Ռայի պատրիարքը ուշ երեկոյեան հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի Ծերակոյտի նախագահ Ժեռար Լարշէի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.