2016-05-10 09:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Փորթուկալի ''կեանքի ի նպաստ քայլարշաւ''ի յանձնախումբին։


(Ռատիօ Վատիկան) ´´Հարկաւոր է վերանորոգ յանձնառումով զարգացնել մարդկային, բարոյական ու հոգեւոր ճշմարիտ արժէքները ի պաշտպանութիւն անհատին ու ընտանիքին'' գրուած է ֆրանչիսկոս Պապին պատգամին մէջ, ուղղուած Փորթուկալի ´´կեանքի ի նպաստ քայլարշաւ´´ը   կազմակերպող յանձնախումբին։

Քայլարշաւը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ օրը` 14 Մայիսին։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կ´ընդգծէ կարեւորութիւնը խթանելու անհատները, ընտանիքները ու ընկերութիւնը գործելու ի սպաս հասարակաց բարիքին, որու արմատները կը գտնենք ներդաշնակութեան, արդարութեան եւ անհատի իրաւունքի յարգանքին մէջ` սաղմէն մինչեւ բնական մահը։

ֆրանչիսկոս Պապը կը յիշեցնէ ուշադիր ակնարկով հետեւիլ կնոջ ու մարդու առօրեայ կեանքին։

Նշենք որ Փորթուկալի մէջ նշուելիք ''կեանքի ի նպաստ քայլարշաւը''  այս տարի կը բոլորէ իր 6-րդ տարին։ Քայլարշաւի այս տարուայ բնաբանն է. ''Միշտ ընթանանք կեանքի ի նպաստ'' ու անոր կէտ նպատակն է ի յայտ դնել եւ զարգացնել կեանքը պաշտպանող մշակոյթ մը։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.