2016-05-10 10:59:00

''Սուրբ Հոգին է որ կ՛առաջնորդէ ''միսիոնարական'' կեանք ընտրողները''. Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրբ Հոգիի ձայնին հպատակիլը մեզ կը մղէ ''զոհել'' կեանքը ի սպաս Աւետարանի հռչակումին, նոյնիսկ հեռաւոր վայրերուն մէջ։ Այս է առանձնայատկութիւնը ամէն մէկ այր ու կնոջ որ ընտրած է ծառայել եկեղեցւոյ` առաքելութեան վայրեր մեկնելով''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խորհրդածութեան նիւթը զոր ներկայացուց այսօր` 10 Մայիս 2016-ի  առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին։ 

''Կրակն էր որ կը վառեր Սուրբ Պօղոսի սիրտը եւ նոյն կրակն է որ կը վառի այն բազմաթիւ երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն մէջ, որոնք լքած են իրենց հայրենիքը եւ ընտանիքը ու մեկնած են այլ ցամաքամասեր հռչակելու համար Յիսուս Քրիստոսը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով  Առաքեալներու Գործերէն քաղուած մէկ հատուածը որ կը խօսի Պօղոս առաքեալի Միլետոնէն հրաժեշտի մասին։

''Յուզիչ դէպք մը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը. Պօղոս գիտակից է որ այլեւս պիտի չի տեսնէ այդ հասարակութիւնը։ Ժամն է մեկնելու դէպի Երուսաղէմ, այնտեղ է որ Սուրբ Հոգին զինք կ՛առաջնորդէ, Նոյն Սուրբ Հոգին որ միշտ զինք մղեց քարոզելու Աւետարանը դիմագրաւելով դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները''։ Այս հատուածը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, մեզի կը յիշեցնէ մեր ''միսիոնարներու''  կեանքը։ Միսիոնարը արդարեւ կը մեկնի առանց մտածելու թէ ինչ կը սպասէ զինք ինչպէս կ՛ըսէ Պօղոս առաքեալ ''քաղաքէ քաղաք Հոգին Սուրբ կը զգացնէ թէ ''շղթաներ եւ նեղութիւններ կը սպասեն ինծի''։

''Միսիոնարը գիտէ թէ իր կեանքը դիւրին չէ, սակայն յառաջ կ՛ընթանայ''ըսաւ ապա Քահանայապետը ակնարկելով ժամանակակից միսիոնարներուն` ''աւետարանումի հերոսներ'' ու շնորհակալութիւն յայտնելով Տիրոջ` անոնց տուած վկայութեան համար։ Անոնց մարտիրոսութեան ու վեհանձնութեան համար­, որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին Աւետարանին ու դարձան մեր Եկեղեցւոյ Փառքը։ 

Միսիոնարի մէկ յատկանիշն է ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր քարոզի աւարտին, Սուրբ Հոգիին հնազանդիլ է, ապա մաղթեց որ Հոգին Սուրբ հրապուրէ մեր երիտասարդները ու զանոնք մղէ երթալու աւելի անդին, իրենց կեանքը ''զոհելով'' ի սպաս ազնիւ ու բարձր իտէալներու։ Հարկաւոր է լաւապէս ապրիլ կեանքը ու զայն ապրիլ ծառայելով, հռչակելով ու յառաջ ընդանալով, այս է Աւետարանի հռչակման ուրախութիւնը'' եզրափակեց Սրբազան Քահանայապետը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.