2016-05-10 09:45:00

Սուրբ Կոյս Մարիամ՝ բարի օրինակը բոլոր քրիստոնեաներուն


Քրիստոնեաները յատուկ բարեպաշտութիւն ունին Սուրբ Կոյսին՝ նուիրելով իրեն սէր եւ աղօթք: Մայիս ամիսը Սուրբ Կոյսին եւ զինք սիրողներուն ամիսն է :Սուրբ Կոյսին եւ Եկեղեցւոյ միջեւ սերտ միութիւն մը հիմնուած է, որ կը կոչուի Մարիամ-Եկեղեցի : Այս կապը դարերէ ի վեր կ’ոգեւորէ հաւատացեալները, որովհետեւ Եկեղեցին իր կարգին կը մարմնաւորէ Սուրբ Կոյսը, որպէս «Կոյս, Մայր, Բարեխօս եւ դաստիարակ»: Եկեղեցին ծնաւ Մարիամի հետ՝ Խաչին ոտքը, ուր ան եւ քրիստոնէութիւնը ստացան սիրոյ եւ առաքելութեան շունչը: Մարիամ Եկեղեցին կը խորհրդանշէ եւ կը մասնակցի անոր չարչարանքներուն եւ ուրախութիւններուն: Ան հաւատացեալներուն կր պարգեւէ շնորհքը Եկեղեցիին ու հաւատքին զօդուած մնալու:Յիսուս՝ տեսնելով իր մայրը եւ Իր սիրելի աշակերտը կ’ըսէ. «Կին, ահաւասիկ քու որդիդ» (Յովն 19, 26): Այս որդին Յովհաննէս առաքեալը, Եկեղեցին կը ներկայացնէ, որ ծնունդ առաւ Խաչին դիմաց : Մարիամ կը ներկայանայ Կանայի հարսանիքին, որպէս նոր ժողովուրդին խորհրդանիշը փրկչագործութեան առաքելութեան մէջ: Մարիամ, Եկեղեցւոյ եւ սուրբերու հոյլին մէջ, առաջինը կը հանդիսանայ հաւատացեալները առաջնորդելու դէպի սրբութիւն. Ինքն է որ Եկեղեցւոյ կը շնորհէ ընտանեկան կեանքը: Սուրբ Բեռնարդոս կ’ըսէր. «Արքայաշուք Կոյսը կեղծ պատիւներու կարիքը չունի» : Յաջորդ դարուն, Սուրբ Բոնաւենտուրա աւելի խիստ ոճով կ’ըսէր. «Սրբուհի Մարիամը մեր սուտերուն պէտք չունի : Պիտի փափաքէի այս տեսակէտս իմ ընթերցողներուս հետ բաժնել : Ժամանակի ընթացքին, անոնց բարեպաշտութիւնն ու հաւատքը զօրաւոր կ’ըլլան» :Մարիամ այս իւրայատուկ օրհնութիւնը Աստուծմէ կը ստանայ : Ան ընտրուեցաւ բոլոր կիներուն մէջ որպէսզի դուռը բանայ նոր ժամանակներուն: Ճանչնալ մեր կոչումը կը նշանակէ թողուլ որ Աստուած մեզի յայտնէ թէ մենք արժանի ենք Իրեն: Ան ցոյց կու տայ մեզի մեր իսկական կոչումը: «Քրիստոնէութեան մեկնակէտը Բանին մարմնացումն է: Հnu, միայն մարդը չէ որ զԱստուած կը փնտռէ, այլ Աստուած անձամբ կու գայ մարդուն մօտ՝ խօսելու անոր հետ: Մարդը Աստուծոյ փառքին Յայտնութիւնն է, որ կոչուած է ապրելու Աստուծոյ կեանքին լիութեան մէջ» (Յովհաննէս Պօղոս Բ.): «Ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ ինծի ասիկա, քանի որ ես մարդ չեմ ճանչնար» (Ղուկ 1, 34): Հակառակ Զաքարիային, որ կը տարակուսէր եւ նշան մը կը խնդրէր (Ղուկ 1, 18), Մարիամ իր հարցումով կր յայտնէ իր փափաքը Աստուծոյ նշանը ընդունելու իր ամբողջ խելքով ու սրտով: «Այսպէս է որ մարդուս կոչումին մէջ կը փայլին Աստուծոյ ձրի սէրն ու մարդուն ազատութեան ամենաբարձր վերացումը, այս-ինքն Աստուծոյ կոչին հաւանութիւնը եւ վստահութիւնը» (Յովհաննէս Պօղոս Բ.): Մար-իամին կոչումը կր բխի Սէրէն որ ամէն բան կը վերանորոգէ: Սուրբ Հոգին իր վրան պիտի իջնէ: Ան արարչագործութիւն է եւ կեանք : Մարիամ, իր ամբողջ սրտով կր նուիրուի աստուածային փրկութեան կամքին: Աստուծոյ խնդրած զոհերը չեն որ ամէնէն աւելի հաւատք կը պահանջեն, այլ անոր ըրած անյուսալի խոստումները: Ինչպէս որ Աբրահամ «յուսաց ամէն յոյսի դէմ», այնպէս ալ Մարիամ հաւատաց Աստուծոյ Խօսքին : Սուրբ Հոգին ամէն կոչում կը վերածէ յոյսի, նշանի ու գործի... «եւ յոյսը չի խափեր, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը սփռուած է մեր Սրտերուն մէջ (Հռոմ 5, 5) :Մարիամ Քրիստոսի մայրն է հաւատքին մէջ նախքան բնական մայր ըլլալը, ինչպէս կ’ըսէ Սուրբ Օգոստինոս. «Մարիամ երանելի է, որովհետեւ Ան Աստուծոյ Խօսքը լսեց ու պահեց» :

Մարիամ կատարեալ տիպարն է Սիրոյ՝ Աստուծոյ եւ մերձաւորին հանդէպ : Իր ամբողջ կեանքը զայն կը հռչակէ. «Հզօրը սքանչելիքներ ըրաւ ինծի. Սուրբ է Անոր Անունը» :

Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.