2016-05-10 09:28:00

Լաւրով. ''Կանխարգիլել Թուրքիոյ ճամբով ծայրայեղականներուն զինամթերք հասցնելու քայլերը''


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի հեռաձայնով քննարկած են Սուրիոյ վերաբերող հարցեր։

Անոնք շնորհաւորութիւններ փոխանակած են Յաղթանակի օրուան առիթով եւ ընդգծած են Երկրորդ Համաշխարհային պատերազմին վերաբերեալ պատմական ճշմարտութեան պահպանման կարեւորութիւնը:

Քննարկուած են նաեւ միջազգային հարցեր, ներառեալ՝ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման խնդիրը:

Այս առթիւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կոչ ուղղեց իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիին կանխարգիլելու Թուրքիոյ ճամբով ծայրայեղականներուն զէնք ու զինամթերք հասցնելու փորձերը:

Քաղուած ''Ազպարէզէն''








All the contents on this site are copyrighted ©.