2016-05-10 13:13:00

ԵԱՀԿ-ը սահմանագիծին վրայ ուժեղացուած դիտարկում պիտի իրականացնէ


Մայիս 11-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններու հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն` ԵԱՀԿ առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանագիծին վրայ ուժեղացուած դիտարկում պիտի անցկացնէ ԼՂՀ Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի հիւսիս-արեւմտեան ուղղութեամբ:

ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ` Արցախի պաշտպանութեան բանակի դիրքերէն դիտարկումը պիտի իրականացեն ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիկ եւ ԵԱՀԿ ԳՆԱՆ գրասենեակի աշխատակից Փիթըր Սվետպըրկ /Շուէտ/, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի ներկայացուցիչ Թոմաս Լենք (Գերմանիա):

ԼՂՀ իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման անցկացման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը:

Քաղուած Եռագոյնէն








All the contents on this site are copyrighted ©.