2016-05-10 10:13:00

Անգլիացի եպիսկոպոսներու խնդակցութիւնը Լոնտոնի նոր քաղաքապետի ընտրութեան առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Նպաստաւոր կերպով կ´ընդունիմ Սատիք Խանը որպէս Լոնտոնի նոր քաղաքապետ'' այս բառերով կարդինալ Վինսէն Նիքոլս`  նախագահը Անգլիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին, ողջունեց ընտրութիւնը նոր քաղաքապետին, որ զաւակ է գաղթական Փաքիստանցի ու կրօնքով մահմետական ընտանիքի մը։

Կարդինալը անոր հաւաստեց իր աղօթքը որպէսզի կարողանայ դիմագրաւել Անգլիոյ մայրաքաղաքին մարտահրաւէրները ու վերակոչելով ֆրանչիսկոս Պապին խօսքերը, զոր արտասանած էր Քարլօ Մանիօ մրցանակի ընդունման առթիւ կարդինալ Նիքոլս գրեց. ''մեր քաղաքներու մէջ արմատացած գեղեցկութիւնը  կը պարտինք այն իրողութեան որ դարերու հոլովոյթին պահպանուեցան մշակոյթներու, ազգութիւններու եւ տեսութիւններու տարբերութիւնները....Ժողովուրդի մը հարստութիւնը ու արժէքը կը գտնենք այս զանազանութիւններու ներդաշնակութեան եւ առողջ համակեցութեան մէջ''։ Մաղթանքս է, եզրափակեց Կարդինալ Նիքոլս որ այդ հարստութիւններն ու արժէքները ներշնչում հանդիսանան նոր քաղաքապետին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.