2016-05-09 10:10:00

ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը ''U.N.I.T.A.L.S.I.'' կամաւորներու կազմակերպութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Կամաւոր հիւանդապահներու ու հիւանդ քոյրերու­, U.N.I.T.A.L.S.I. ընկերակցութեան դէպի Մարեմեան Լորէթօ սրբավայր կատարած տարեկան առաջին ուխտագնացութեան 80-րդ տարեդարձին առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է բարեգործական ընկերակցութեան որուն մէջ յայտնած է իր մօտիկութիւնն ու քաջալերանքը։

Յայտնենք թէ ՈՒՆԻԹԱԼՍԻ իտալական եղբայրսիրական  կամաւորներու այս կազմակերպութիւնը ունի որպէս կէտ նպատակ ըլլալ ''գործիք'' Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, յոյս տանելու այնտեղ ուր կայ յուսահատութիւն եւ ժպիտ մը այնտեղ ուր կայ տխրութիւն։ Կամաւորները կը զբաղին հիւանդներով եւ անոնց հոգատարութեամբ ուխտագնացութիւններ կազմակերպելով անոնց համար։

Այս տարուայ ուխտագնացութիւնը դէպի Լորէթոյի Մարեմեան սրբավայր  սկիզբ առաւ ս. Պետրոս Պազիլիքայի մէջ Կարդինալ Անճելօ Քոմասթրիի մատուցած սուրբ պատարագով։ 

ՈՒՆԻԹԱԼՍԻԻ յղած իր պատգամին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը, կը գրէ ''Աղօթքս է որ ձեր այս ուխտագնացութիւնը վեհանձնութեամբ ու անվերապահութեամբ համապատասխանէ փոքրերու, հիւանդներու ու ֆիզիկապէս ու բարոյապէս վշտահարներու կարիքներուն´´։

Վերոնշեալ կազմակերպութեան կամաւոր- կամաւորուհիները  իրենց տարեկան այս տարուայ ուխտագնացութիւնը կը կատարեն Լորեթօ Մարեմեան ուխտավայր, վերապրելու իրենց հիմնադիր մարմինի անդամներուն 80 տարի առաջ կատարած առաջին ուխտագնացութիւնը։ ''80 տարիներու ընթացքին բիւրաւոր հիւանդներ կարողացան վայելել ձեր խնամատարութիւնը, կարեկցութիւնը ու գթասրտութիւնը։ Թող ամենասուրբ Կոյս Մարիամը օգնական ըլլայ ձեզի որպէսզի կարողանաք ձեզի դիմող կարօտեալներուն ներշնչել վստահութիւն, յոյս ու ողորմութիւն'' գրած է ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով իր վերջին ճամբորդութեան` Լեզւոս կղզի, որուն առթիւ  մանուկէ մը որպէս նուէր ստացած է  գծագրութիւն մը ուր պատկերացուած էր լացող արեւ մը որ կը դիտէ բոլոր գաղթականները։ ''Աղօթքս է որ դուք կամաւոր-կամաւորուհիներ ըլլաք գործիք մը Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, որպէսի ձեր նուիրումով ու ծառայութեամբ կարողանաք սրբել ամէն մէկ հոսած արցունք ու  արեւին վերադարձնէք անոր ժպիտը։








All the contents on this site are copyrighted ©.