2016-05-09 12:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց ՝՝Սուրբ Պետրոս՝՝ ակումբի անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան)  Երկուշաբթի, 9 մայիս 2016-ին՝ առաւօտուն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր գրասենեակին մէջ  յաջորդաբար ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակուած Ճաբոնի դեսպան  վսեմաշուք տիար Եոշիօ Մաթիու Նաքամուրանի հաւատարմագիրերու ներկայացման առիթով , որմէ ետք ընդունեց Վատիկանի տնտեսական քարտուղարութեան կառավարիչ Կարդինալ Ժորժ Փելլը, ապա Լիբանանի մօտ Սուրբ Աթոռի Առաքելական Նուիրակ գերապայծառ Կապրիելէ Ժորտանօ Քաչչիան հուսկ՝ Ասոլօ թեմի տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոս՝ Գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմազի։

Կէսօրին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան  դահլիճին մէջ, Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց ''Սուրբ Պետրոս'' ակումբի անդամներուն եւ այս առթիւ  անոնց յղած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ակումբին տածած ծառայութիւնը ի սպաս Հռոմ քաղաքի բնակչութեան ամենէն աղքատներուն, ընդգծելով թէ  նման  բարեսիրական գործունէութիւններ,  արտայայտութիւնն են  ՝՝դուրս եկող՝՝ եկեղեցիի մը.  եկեղեցիի մը  որ կ՝ընթանայ ՝ փնտռելու, այցելելու, հանդիպելու, անսալու ինչպէս նաեւ բաժնեկցելու եւ կանգ առնելու ամենէն աղքատ անձերուն  մօտ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա  նշեց թէ թէ ակումբի անդամներէն լոկ չէ խնդրուած երթալ աղքատներուն մօտ,  այլ երթալ  անոնց մօտ եւ տանիլ նաեւ  Յիսուսը։  Անոնց հետ բաժնեկցիլ Յիսուսի Աւետարանի խօսքը,  կրկնել Տիրոջ ներողամտութեան , սիրոյ, պարգեւի ժեսթերը,  որոնց ընդմէջէն  չի փնտռել անձնական շահերն ու արժանիքները ՝ այլ փնտռել  ուրիշներուն բարիքը։

Անդրադառնալով ապա  մայիսեան՝ Տիրամօր նուիրուած ամսուան, Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց ակումբի անդամներուն,  որպէս տիպար ունենալ Աստուածածինը` որ է ''հաւատքի տիպար'', հաստատելով թէ լոկ հաւատքով է որ  կարելի է փոխանցել Յիսուսը ։  ''Ողորմութեան Սուրբ տարուան ընթացքին մինչ ջանք կը թափենք  ողորմութեան գործեր կատարելու, կանչուած ենք մեր հաւատքը վերանորոգելու'' ըսաւ Ֆրանչիկսոս անհրաժեշտ նկատելով  հաւատքը  մշակել Աստուծոյ խօսքի ունկնդրութեամբ։   

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա քաջալերեց  ներկաները  շարունակելու  իրենց վկայութիւնը տալ Աւետարանի եղբայրասիրութաեն մասին, ըլլալ միշտ նշան եւ միջոց իւրաքանչիւր անձի ցուցաբերուած Աստուծոյ քնքշութեան,  յատկապէս տկարներուն նկատմամբ։

Սրբազան Հայրը պատգամի աւարտին խրախուսեց ներկաները բարեսիրական աշխատանքներու ուժը գտնելու աղօթքին մէջ, որպէսզի  Քրիստոսի սրտէն  քաղեն եղբայրներու փոխանցելիք սէրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.