2016-05-09 09:48:00

Հալէպի ողբերգական վիճակը կը շարունակուի


Հալէպի բնակչութիւնը կը շարունակէ ապրիլ ողբերգական վիճակի մէջ: Հինգ տարուան պատերազմական վիճակի ամենամեծ տուրքը վճարող Հալէպի ժողովուրդը կը շարունակէ թիրախը մնալ զինեալ ահաբեկչակսն խմբաւորումներուն։ Որեւէ քաղաքացի փողոցը քալած պահուն, տան մէջ թէ աշխատանքի ժամանակ կրնայ ենթարկուիլ հրթիռակոծման:

Հակառակ յայտարարուած զինադուլին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ երրորդ օրն ըլլալով խախտեցին զինադուլը։ Անոնք այսօր հրթիռակոծեցին Նոր Գիւղ, Սաատ ալլա Ճապիրի, Ճեմիլիէ եւ Սեպիլ շրջանները։ Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Նոր Գիւղի մէջ փուլ եկաւ շէնք մը: Տեղական աղբիւրներու համաձայն, Նոր Գիւղի մէջ ահաբեկիչներուն կողմէ արձակուած կազի տակառի մը պայթիւնին հետեւանքով փուլ եկած շէնքին փլատակներուն տակ, մինչեւ այս ժամը արձանագրուած է 3 զոհ՝ կին մը եւ երկու երեխայ։ Այս մասին կը հաղորդէ Հալէպի «Գանձասար» օրաթերթը:

Ապահովական ծանր կացութեան կողքին, բնակչութիւնը կ՚ապրի տնտեսական, ծառայողական եւ կենցաղային վատ պայմաններու մէջ։
Երեք օրէ ի վեր ջուրի հոսանքը անջատուած է։ Ելեկտրականութիւնը նոյնպէս։ Սղաճը անսանձելի դարձած է՝ յաճախ օգտագործման ենթակայ շահամոլ վաճառականներու կողմէ։ Սուրիական դրամանիշի անկումը պատճառաբանելով վաճառականներ տեղական արտադրութիւններու գիներն անգամ կը կրկնապատկեն:

Հալէպի ողբերգութիւնը կը շարունակուի:։

Քաղուած Եռագոյնէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.