2016-05-09 09:54:00

Արցախի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն


Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուայ առիթով  Մայիս 8-ին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն, երբ նախագահ Բակօ Սահակեան հանդէս եկաւ ելոյթով: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի նախագահի մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցմամբ`  ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն իրենց ցուցաբերած արիութեան եւ խիզախութեան համար խումբ մը պաշտպանութեան բանակի զինծառայողներու, ազատամարտիկներու եւ կամաւորներու յանձնուած են պետական բարձր պարգեւներ:

Արարողութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան, ԼՂՀ ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.