2016-05-09 12:15:00

9 Մայիսին տօնն է Եւրոպային։ Ֆրանչիսկոս Պապ ''Արդիականացնել Եւրոպայի գաղափարը''։


(Ռատիօ Վատիկան) 9 Մայիս 2016-ին կը նշուի Եւրոպայի տօնը։ Օրը կը յիշատակէ Ռոպերթ Շումանի յայտարարութիւնը, որ տեղի ունեցած է 1950-ին Փարիզի մէջ­, երբ Ֆրանսայի Արտգործ նախարար Շուման, արտասանեց ճառ մը որուն մէջ բացայայտեց Եւրոպայի քաղաքական համագործակցութեան  նոր ձեւի մասին գաղափարը,  որ անկարելի կը դարձնէր Եւրոպական Ազգերու միջեւ պատերազմի ծագիլը։

Այս առընչութեամբ յիշեցնենք թէ անցեալ ուրբաթ 6 Մայիս 2016-ին, Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քարլօ Մանիօ մրցանակը ընդունելով երկարաշունչ ճառ մը ուղղեց որուն մէջ մէջբերեց Ռոպերթ Շումանի խօսքերէն հատուածներ ապա իղձ յայտնեց որ Եւրոպան կարենայ իր հիմնադիր հայրերուն երազը իրականացնել ու զայն ընել երեք կարողութիւններով։

''Անցեալէն  ներշնչուելով քաջութեամբ դիմագրաւենք ժամանակակից բազմաբեւեռային խրթին իրականութիւնը, վճռակամ ընդունելով` Եւրոպայի գաղափարը արդիական դարձնելու մարտահրաւէրը, ըսաւ Քահանայաետը ու հրաւիրեց ձգտիլ Եւրոպայի մը որ կարողանայ ծնունդ տալ նոր մարդկայնապաշտութեան մը,  հիմնուած երեք կարողութիւններու վրայ ''համալրումի  կարողութիւնը, երկխօսութեան կարողութիւնը եւ վերածնունդի կարողութիւնը­­,  ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը եւ մէկիկ մէկիկ անդրադարձ այդ երեք կարողութիւններու մասին, սկսեալ համալրումի կարողութենէն որ պէտք է ընդունի բազմազանութեան ու բազմամշակոյթի համակեցութիւնը որպէս հարստութիւն` դիմելով զօրակցութեան որ պէտք չէ բացատրուի որպէս ողորմութիւն, այլ որպէս հնարաւորութիւններու կարելիութիւն, այնպէս որ մեր քաղաքներուն բոլոր բնակիչները կարողանան իրենց կեանքը ապրիլ ու զարգացնել արժանապատուութեամբ''։

Յայտնենք թէ  այսօր ինը Մայիսին, Ֆրանսայի ''ՈՒՆԵՍՔՈՅԻ'' կեդրոնատեղիին մէջ կազմակերպուած է կլոր սեղան մը որուն նիւթն է ''հիւրընկալ քաղաքներ ապաստանեալներուն համար. զարգացնել համալրումը եւ ծրագրել իրաւունքներ''։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.