2016-05-08 10:14:00

Կիրակի 8 Մայիս 2016 - Երկրորդ Ծաղկազարդ (Յովհ. 12, 12-23)


Սիրելի հաւատացեալ հայորդիներ

 

Այսօր՝ Յարութեան եօթներորդ Կիրակին եւ Համբարձման չորրորդ օրը, Հայ Եկեղեցին կը յիշատակէ երկրորդ Ծաղկազարդը։ Այս տօնը ըստ աւանդութեան, հիմնած է մեր եկեղեցւոյ Հայրը՝ Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ։

Ինչպէս առաջին Ծաղկազարդը կը տօնենք պահոց շրջանի եօթներորդ կիրակին, այնպէս ալ երկրորդ Ծաղկազարդը Քրիստոսի Յարութեան եօթներորդ կիրակին։

  Երկրորդ Ծաղկազարդը համբարձեալ Քրիստոսի Վերին Երուսաղեմ մտնելու յիշատակն է, երբ երկինքի մէջ  հրեշտակները անոր ցնծութեամբ կը դիմաւորեն :

 Աւանդութեան համաձայն, Խոր Վիրապի մէջ, ուր բանտարկուած էր Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ, ամէն օր հրեշտակ մը անոր կ՛այցելէր: Կը պատահի որ Համբարձման չորրորդ օրը բացակայի այդ հրեշտակը. ու յաջորդ օրը երբ Լուսաւորիչ կը հարցնէ պատճառը՝ հրեշտակը կը բացատրէ, որ ամէն տարի Քրիստոսի երկինք Համբարձումը եւ յաղթական վերադարձը փառաբանելու համար, ինը օրեր շարունակ հանդէսներ կը սարքուին հրեշտակներու ինը դասակարգերու կողմէ։ Եւ որովհետեւ ինք կը պատկանէր հրեշտակաց չորրորդ դասին, ուստի պարտաւոր էր այդ օր իր խումբին հետ ըլլալ, հանդիսադրելու համար Յիսուսի երկինք մուտքի Չորրորդ օրը։

 

Այսօրուան աւետարանի ընթերցումը Քրիստոսի Երուսաղեմ մուտքի դրուագն է։

 

Ըստ Եկեղեցւոյ  հայրերուն, եթէ առաջին Ծաղկազարդի ժամանակ կը յիշատակուի Տիրոջ ցնծութեամբ գալուստը` դէպի երկրաւոր Երուսաղեմ, ապա Երկրորդ Ծաղկազարդին`անոր մուտքը Վերին Երուսաղեմ հրեշտակներուն ու սուրբերուն բնակարանը: Առաջինին կը փառաբանուի Քրիստոս որպէս Դաւիթի Որդի, իսկ երկրորդին`որպէս Աստծոյ Որդի: Ծաղկազարդի օրը Քրիստոս ժողովուրդի մեծ բազմութեան ուղեկցութեամբ Երուսաղեմ մուտք կը գործէ, իսկ այսօր զուարթուններու, բիւրաւոր հրեշտակներու եւ սուրբ մարդոց հոգիներու հրճուանքով ու փառաբանութեամբ կը մտնէ Երկինք ու Հօր Աստուծոյ աջին կը բազմի։

 

Քրիստոս կամաւորաբար աշխարհ եկաւ փրկելու արարածները, մեզ մեղաւորներս, մեղքի արատէն, սատանայի կապանքներէն, հնազանդ Հօր Աստուծոյ կամքին՝ մեզի անհնազանդներուս համար կրեց հալածանք, չարչարանք խաչելութիւն ու մահ, որպէսզի իր ողջակիզումով եւ իր Լոյսով մենք դառնանք լոյսի զաւակներ, Աստուծոյ որդիներ։ Փիլիպեցիներուն ուղղուած Պօղոսի նամակին մէջ կը կարդանք. ատոր համար Աստուած զինք մեծապէս բարձրացուց եւ իրեն տուաւ անուն մը որ կը գերազանցէ ամէն անուն, որպէսզի Յիսուս Քրիստոսի անունին ի լուր՝ ամէն ծունկ խոնարհի թէ երկինքի մէջ, թէ երկրի վրայ, թէ դժոխքի մէջ, եւ ամէն լեզու խոստովանի թէ Յիսուս Քրիստոս Տէրն է ի փառս Աստուծոյ Հօր։

 

Այսօր մեր փառաբանանքը միացնենք հրեշտակներու օրհնութիւններուն եւ սրտով ու հոգիով խոստովանինք մեր հաւատքը  յարուցեալ ու համբարձեալ Փրկչին հանդէպ, պատրաստուելով Ս. Հոգիի Գալստեան Պենտեկոստէի տօնին, խնդրելով Ամենակալէն որ առաքեալներուն նման մեզ ալ լիացնէ Ս. Հոգիի պարգեւներով որպէսզի կարենանք անխախտ հաւատքով, ու աննկուն կամքով ապրիլ ու վկայել Քրիստոսի մեր շրջանակին մէջ, ու տարածել քրիստոնէական ու հայրենաւանդ արժէքները, խօսքով, գործով, նամանաւանդ օրինակով։

 

Մեր աղօթքն ու թախանձագին աղաչանքները բարձրացնենք նաեւ Տիրոջ մօտ մեր միջնորդին՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնին, որուն ամիսը կը յիշատակենք, ներկայացնելով անոր զերթ փունջ մը վարդեր մեր սէրն ու ջերմեռանդութիւնը։ Խնդրենք անկէ՝ Խաղաղութեան Թագուհիէն, անոր բարեխօսութիւնը իր Որդիին եւ մեր Փրկիչին մօտ, որպէսզի դադրին պատերազմները , Խաղաղութիւն տիրէ ամէնուր, յատկապէս Միջին Արեւելքի, Սուրիոյ մէջ ու մեր Հայրենիքի սահմաններուն։ Իր գորովագութ աչքերը դարձնէ մեր վրայ, ամոքէ մեր ցաւերը, տա՛յ ոյժ համբերութիւն որ կարենանք մեր ամէնօրեայ խաչերը տանիլ ու դժուարութիւնները յաղթահարել եւ անոր օգնութեամբ ու օրհնութեամբ իր օրինակին հետեւիլ, Քրիստոնեայի վայել կեանք մը ապրիլ, բարին գործել ու Քրիստոսի խոստացած յաւիտենական կեանքին հետամուտ ըլլալ։Ամէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.