2016-05-07 12:44:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Զուիցերական պահակագունդի անդմաներուն հետ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Շաբաթ, 7 մայիս 2016-ին, ժամը 11.45-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց Զուիցերական պահակագունդի անդամները ՝որոնք երեկ` ուրբաթ 6 մայիսին իրենց հաւատարմութեան երդումը կատարած էին։ 

Այս առթիւ անոնց յղած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր ուրախութիւնը ու գոհունակութիւն յայտնեց  պահակագունդի ՝ Սուրբ Աթոռի ի սպաս մատուցած ծառայութեան,  անոնց հաւատարմութեան ու  բարի տրամադրութեան համար ըսելով  

՝՝Գեղեցիկ է տեսնել ձեզի պէս երիտասարդներ, որոնք իրենց կեանքի ընթացքին  մի քանի տարիներ  կը նուիրեն եկեղեցւոյ, յատկապէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, որ իւրայատուկ  առիթ մըն է  հաւատքի մէջ աճելու , փորձարկելու եկեղեցւոյ տիեզերականութիւնը ինչպէս նաեւ եղբայրութեան փորձառութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց վերոնշեալ երեք յատկութիւններուն վրայ։

Աճիլ հաւատքի մէջ։  Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց պահակագունդի անդամներուն ապրիլ  իրենց առօրեայ աշխատանքը զոր Տէր յանձնած է իրենց որպէս կոչում, օգտուիլ քրիստոնէութեան սիրտ` Հռոմ քաղաքին մէջ իրենց  անցուցած ժամանակէն, որ հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ խորացնելու Յիսուսի հետ բարեկամութիւնը եւ ընթանալու դէպի իւրաքանչիւր քրիստոնեայի կէտնպատակը՝ այսինքն դէպի սրբութիւն։    

Փորձարկել Եկեղեցւոյ Տիեզարականութիւնը։  Ակնարկելով Հռոմի մէջ գտնուող Առաքեալներուն դամբարաններուն եւ Հռոմի Եպիսկոպոսի աթոռին,  որ նպատակավայրն է աշխարհի չորս ծագերէն ժամանող անթիւ ուխտաւորներուն, Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց  թէ պահակագունդի անդամնեըը հնարաւորութիւնը ունին ձեռքով դպչելու եկեղեցւոյ մայրականութեան, որ կը հիւրընկալէ  անթիւ ժողովուրդներուն բազմազանութիւնը։  

Խօսելով ապա   ''եղբայրութիւնը փորձարկելու'' մասին  Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ներկաները  ուշադրութիւն դարձնել մէկը  միւսին առօրեայ աշխատանքի մէջ փոխադարձ զօրակցութեամբ, դիտել տալով թէ ''առ աւելիով  երանելի ենք  երբ կու տանք  եւ ոչ թէ երբ կը  ստանանք''։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  եզրափակեց իր ճառը Զուիցերական պահակագունդին մաղթելով որ անոնք լիուլի ապրին  իրենց առօրեայ կեանքը՝   ամրապնդուած իրենց հաւատքի մէջ եւ վեհանձն եղբայրասիրութիւն ցուցաբերելով  իրենց առօրեայի մէջ հանդիպած մարդոց հանդէպ։

Հայցելով Տիրամօր հովանին  եւ Զուիցերական Պահակագունդի Սուրբ Մարթինօ եւ Սուրբ Սեպասթիանօ պաշտպան սուրբերու բարեխօսութիւնը , Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առաւ ներկաներէն  խնդրելով որ չի մոռնան աղօթել իրեն համար ապա բոլորին շնորհեց իր Առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.