2016-05-07 09:30:00

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն մարմինի նոր ծրագիրը ի սպաս Հալէպի ընտանիքներուն։


(Ռատիօ Վատիկան) Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն, կաթողիկէ բարեսիրական մարմինը, որոշած է նոր ծրագիրով մը ելեկտրականութիւն  ապահովել Հալէպի 624 քրիստոնեայ ընտանիքներուն։ Ողբերգական այս օրերուն, կաթողիկէ բարեսիրական այս մարմինը զօրավիգ կ՛ուզէ կանգնիլ Սուրիոյ ժողովուրդին ու մասնաւորապէս Հալէպի բնակիչներուն, որոնք չորս տարիներէ ի վեր թիրախ են ռմբակոծումներուն ու պէսպէս զրկանքի։

Հալէպի Քաղդէացիներու Թեմին առաջնորդի գնահատումով նախքան պատերազմը Հալէպի մէջ կ´ապրէին աւելի քան 150 հազար հաւատացեալ։ Ներկայիս Հալէպի քրիստոնեաներու թիւը հազիւ 40 հազարի կը հասնի։ Բոլորին վախն է որ Հալէպը դառնայ երկրորդ Մուսուլ մը։

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն կաթողիկէ բարեսիրական մարմինը խոստացած է ելեկտրականութիւն երաշխաւորել 624 քրիստոնեայ ընտանիքներու։

Ներկայիս քրիստոնեայ ընտանիքներու մեծամասնութիւնը աղքատ է։ Պատերազմի առաջին օրէն մինչեւ այսօր Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն բարեսիրական մարմինը,  աւելի քան 10 միլիոն 400 հազար Եւրօ յատկացուցած է Սուրիոյ օժանդակութեան։ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն մարմինը 624 ընտանիքներուն ելեկտրականութիւն երաշխաւորելով կը յուսայ մասամբ ամոքել այդ ընտանիքներու կրած ահաւոր տառապանքն ու զրկանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.