2016-05-07 10:18:00

Հայ հոգեւորականը Սուրիոյ պատերազմը կ՛որակէ ''Քաղաքացիներու ջարդ''։


(Ռատիօ Վատիկան)  ''Հալէպի մէջ տեղի ունեցող ողբերգութիւնը լոկ ցեղասպանութիւն մըն է։ Այս օրերուն բազմաթիւ ռումբեր տեղացին Հալէպ քաղաքին վրայ, կարելի է խօսիլ ցեղասպանութեան մը մասին, երբ կը խօսինք վնասուած հիւանդանոցներու ու տուներու մասին։ Մեր այս ապրած վերջին 5-6 օրերը ահաւոր են'' յայտարարած է Հայր Եղիշէ Ճանճեան, Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքի պատկան կղերականը, Ռատիօ Վատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին։

''Ներկայիս կը թուի որ հրադադարը յարգուած է կառավարական ու հակա-կառավարական խումբերու կողմէ'' աւելցուցած է Ան մատնանշելով նաեւ թէ ''Այս կիրակի միջազգային աղօթք մը պիտի կազմակերպենք։ Սուրիոյ եպիսկոպոսները քրիստոնեայ հաւատացեալներէն խնդրած են որ աղօթեն Սուրիոյ խաղաղութեան համար''։

Յայտնենք թէ յառաջիկայ Կիրակի` 15 Մայիս 2016-ին, Հալէպի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը` արհիապատիւ Պետրոս արքեպիսկոպոս Միրեաթեան, Սուրիոյ խաղաղութեան համար պատարագ պիտի մատուցէ­, Հռոմի Լեւոնեան հայ կաթողիկէ դպրեվանքի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հոյակերտ եկեղեցւոյ մէջ, որուն հրաւիրուած են մասնակցին հռոմաբնակ արեւելցի քրիստոնեաները ու բարձրաստիճան եկեղեցականներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.