2016-05-07 10:56:00

Ընկերային հաղորդամիջոցներուն համաշխարհային 50-րդ օրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի`  8 Մայիս 2016-ին, Պենտեկոստէի կիրակիէն մէկ կիրակի առաջ, կը նշուի Ընկերային հաղորդամիջոցներուն համաշխարհային օրը որ միակ օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Բ Տիեզերական ժողովէն, 1963-ին` ''Ինթեր Միրիֆիքա'' հրամանագիրով։

2016-ի  Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային 50-րդ օրուան Քահանայապետական պատգամի նիւթն է ` ''Հաղորդակցութիւն եւ ողորմութիւն. պտղաբեր հանդիպում'' որ լոյս տեսաւ անցեալ 24 Յունուարին,  Ընկերային հաղորդամիջոցներու պաշտպան սուրբ` Սուրբ Ֆրանչիսկոս Սալէսի տօնին օրը։

Ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային 50-րդ օրուայ առթիւ Սուրբ Աթոռի Հաղորդակցութեան քարտուղարութեան կառավարիչ Գերապայծառ Տարիօ Վիկանօ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադարձած է Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամին, մատնանշելով թէ Քահանայապետը իր այս պատգամով կը յայտնէ թէ ողորմութիւնը կարողութիւնը ունի խնամելու վիրաւոր յարաբերութիւնները ու խաղաղութիւն եւ ներդաշնակութիւն հաստատելու ընտանիքներու եւ հասարակութիւններու միջեւ։

Քահանայապետը կը հաստատէ թէ հաղորդակցութիւնը պէտք չէ ամբարտաւան եւ ոխերիմ դիրք ունենայ այլ պէտք է ըլլայ թեթեւ եւ ներառնող ու բաց հանդիպումին եւ յատկապէս ունկնդրութեան։ Արդարեւ` Քահանայապետը երբ խօսի հաղորդակցութեան մասին կը նշէ թէ այս կը նշանակէ բաժնեկցութիւն եւ բաժնեկցութիւնը կարիքը ունի ունկնդրութեան։ Ունկնդրելու համար հարկաւոր է դուրս ելլել մենք մեզմէ եւ ընդանալ դէպի միւսը։

Գերապայծառ Վիկանօ անդրադառնալով ապա հաղորդակցութեան արդիական միջոցներուն, հաստատեց թէ օգտակար է  ''կապ պահել'' աշխարհին հետ, սակայն այդ կապը պէտք է առաջնորդէ իսկական հանդիպումի մը, իսկական յարաբերութեան որ ''թուային'' աշխարհէն անդին, իրականանայ իրական աշխարհին մէջ, մարդկայնութիւն շնորհելով արուեստագիտութեան։   

Գերապայծառ Վիկանօ ապա հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այս առընչութեամբ աւելի քան խօսքերով իր վարուելակերպով է որ կը բացայայտէ կապը ընդմէջ ողորմութեան եւ հաղորդակցութեան, ինչպէս ըրած էր Լեզվոս Կղզիին մէջ ողջագուրելով գաղթականները։ Քահանայապետը, ըսաւ գերապայծառ Վիակնօ, անձ մըն է որ միշտ կը մտածէ ուրիշին եւ որ կ՛ապրի մարդոց ողբերգութիւնները. Ինք կը գտնուի անոնց մէջ ի յայտ դնելով ոչ թէ իր կեդրոնականութիւնը այլ այդ անձերու իրավիճակն ու իրողութիւնը, այն գիտակցութեամբ թէ ամէն բանի կեդրոնն է միշտ Յիսուս` որ է մեր Փրկիչը։  

>>Ֆրանչիսկոս Պապին ընկերային հաղորդամիջոցներու համաշխարհային օրուայ 2016-ի պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.