2016-05-06 11:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին խորհրդածութիւնը վշտահարներու ի սպաս աղօթքի հսկումի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան)  Հինգշաբթի, 5 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 6.00-ին,  Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ մխիթարութեան կարօտ եւ վշտահար անձերու դիտաւորութեան աղօթքի հսկումը զոր գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եւ այս  առթիւ խորհրդածութիւն մը ներկայացուց, որուն մէջ անդրադառնալով հսկումի ընթացքին ներկայացուած տխուր վկայութիւններուն ինչպէս նաեւ արարողութեան ընթացքին կարդացուած սուրբ գրային ընթեցումներուն,  հայցեց որ  ''Սուրբ Հոգին լուսաւորէ մեր կեանքը,  բանայ սիրտերը՝ ստուգութիւնը ունենալու թէ Աստուած մեր հետն  է'',  յիշեցնելով  Յիսուսի խոստումը  թէ ''Սուրբ Հոգին պիտի ուղարկէ մեզ  մխիթարելու եւ օգնելու համար''։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յարեց ՝ թէ տխուր, դժուարին պահերուն, հիւանդութեան ցաւերուն մէջ,  իւրաքանչիւր անձ կը փնտռէ մխիթարանքի խօսք մը։  Կը զգանք կարիքը անձի մը, որ մեզի մօտիկ գտնուի եւ կարեկցի մեր հետ։

Դժուար պահերուն, խռոված  վիճակի մէջ կը նայինք մեր շուրջը  տեսնելու համար եթէ  կայ մէկը , որ կրնայ իսկապէս հասկնալ մեր վիշտը, ըսաւ Ֆրանչիկսոս Պապ նշելով թէ այդ պահերուն ''մեր միտքը կը լեցուի  հարցադրանքներով, սակայն անոնց պատասխանը չի հասնիր''։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հաստատեց թէ ամէնքս կարիքը ունինք ողորմութեան, եւ թէ Յիսուս գիտէ ու Ինք եւս փորձարկած է մահուան եւ տառապանքի վախը, ինչպէս պատահեցաւ երբ Ան մասնակից դարձաւ Ղազարոսի քրոջ` Մարիամի ցաւին­, ի տես եղբօր մահուան։  Յիսուս ինք եւս լացաւ Ղազարոսի՝ իր բարկեամի մահուան համար, գրուած է Աւետարանին մէջ։ ''Եթէ Աստուած լացաւ, ես ալ իմ կարգիս կրնամ լալ''  հաստատեց ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով նաեւ  ''Եթէ Յիսուս մեզ կը մխիթարէ,­  մենք ալ մեր կարգին կանչուած են մխիթարել ուրիշները''։ 

Նորին Սրբութիւնը ապա  շեշտը դրաւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ։ Յիսուս իր կեանքի դժուար պահերուն՝ լացի եւ յուզումի ու մոլորութեան պահերուն, աղօթք բարձրացուց իր Հօր։ Աղօթքը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մեր վիշտի  իսկական դեղն է։  Մենք ալ մեր կարգին, աղօթքի պահուն , կրնանք զգալ Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ։ Անոր քնքուշ նայուածցքը  որ մեզ կը մխիթարէ, Անոր խօսքի ուժականութիւնը ՝ որ մեզի կը զօրակցի մեզի յոյս ներշնչելով։

Յիսուս՝ Ղազարոսի իր բարեկամին դամբարանին դիմաց աղօթեց ըսելով ''Հայր` շնորհակալ եմ քեզի որ լսեցիր զիս, եւ ես գիտէի որ միշտ կը կատարես իմ խնդրանքս'' ( Յովհ 11,41-42)։ Սոյն խօսքերը մէջբերեով ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ ունինք կարիքը այն ստուգութեան,  որ Աստոած  մեր ձայնը կ՛ունկնդրէ  եւ մեզի օգնութեան  կը հասնի։ Աստուծոյ սէրը որ կը բնակի մեր սրտերուն մէջ մեզի թոյլ կու տայ ըսելու թէ երբ կը սիրենք, ոչ մէկ բան եւ ոչ մէկը կրնայ մեզմէ խլել անձերը զոր կը սիրենք։ Ինչպէս կ՛ըսէ  Պօղոս Առաքեալը` Հռոմէացիներուն ուղղած թուղթին մէջ  (Հռոմ 8,35.37-39), ''Ո՞վ պիտի բաժնէ  մեզ Քրիստոսի սէրէն, նեղութի՞ւնը, անձկութիւնը , անօթութիւնը, հալածա՞նքը, վի՞շտը. Սո՞ւրը...''. Սիրոյ զօրութիւնը արդարեւ տառապանքը կը փոխէ Քրիստոսի յաղթանակի ու Անոր հետ միասին մեր յաղթանակին, ու այն յոյսին՝ թէ օր մը դարձեալ միասնաբար, յաւերժապէս պիտի վայելենք Սուրբ Երրորդութեան ներկայութիւնը, կեանքի ու սիրոյ անյագ աղբիւր։

Ամէն խաչի մօտ կայ միշտ Յիսուսի Մայրը, ըսաւ նորին Սրբութիւնը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Անոր հովանին, որպէսզի սրբէ մեր արցունքները եւ իր բազուկներով մեզ վերականգնեցնէ ու մեզի ընկերանայ յոյսի ճանապարհին վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.