Թուրքիոյ քաղաքական քուլիսներուն մէջ կը թէժանան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի միջեւ առկայ տարաձայնութիւններու եւ վարչապետին հնարաւոր հրաժարականի մասին քննարկումները:
Այս քննարկումներու թէժացման շարժառիթ դարձած է երէկ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան խմբակցութեան նիստի ընքացքին Տաւութօղլուի զգացական ելոյթը: «Եթէ կայ պաշտօն մը, որմէ հասարակ մահկանացուն կը մտածէ թէ ոչ ոք, երբեք չի հրաժարիր, ապա ես անտարբերութեամբ այդ պաշտօնը կը ձգեմ», ermenihaber.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Տաւութօղլուն:
Երէկ նախագահական նստավայրին մէջ նախատեսուածէն մէկ օր շուտ տեղի ունեցաւ Էրտողան-Տաւութօղլու երկկողմ հանդիպումը, որուն օրակարգին վրայ թրքական մամուլի մեկնաբանութեամբ Տաւութօղլուի հրաժարականի հարցը եղած է:
Թրքական թերթերու գլխաւոր էջերուն կը հանդիպինք «Տաւութօղլուն հրաժարակա՞ն կու տայ», «Այսօր Տաւութօողլու հրաժարականի ժողովն է», «Տաւութօղլուն հրաժարականը գրպանին կ՛երթայ նախագահական նստավայր» եւ այլ նմանատիպ վերնագիրներով հրապարակումներ:
Նախագահական նստավայրին մէջ մօտ 1 ժամ 40 վայրկեան տեւած հանդիպումէ յետոյ, նախագահականի մամուլի ծառայութենէն պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ հանդիպման վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն պիտի չըլլայ:
Թէեւ պաշտօնական որեւէ յայտարարութիւն չկայ` քննարկումները կը շարունակուին: Նոյնսիկ կը նշուի, որ Տաւութօղլուի հրաժարականէն ետք ժամանակաւորապէս անոր պաշտօնին պիտի նշանակուի Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղը:
Հաւանական թեկնածուներու շարքին կը համարուի նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի փեսային` Ուժանիւթի նախարար Պերաթ Ալպայրաքի նշանակումը:
Քաղուած <<Եռագոյնէն>>
All the contents on this site are copyrighted ©. |