2016-05-04 12:34:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հանդիպումը Ամմանի միջ-կրօնական հաստատութեան անդամներուն հետ


(Ռատիօ Վատիկան)  Չորեքշաբթի, 4 մայիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ, նախ քան հրապարակային ունկնդրութիւնը, Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ամմանի “Royal Institute for Interfaith Studies” կրօնական երկխօսութեան կազմակերպութեան անդամաներուն հետ, որոնք Հռոմի մէջ կը մասնակցին միջ-կրօնական մէկ հանդիպումին Քահանայապետական միջ-կրօնական երկխօսութեան խորհուրդի կազմակերղութեամբ։

Այս առթիւ անոնց ուղղած անպատտրաստից խօսքին մէջ ֆրանչիկսոս Պապ ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հանդիպելու ու մեծ հաճոյքով  յիշեց Յորդանան  կատարած Առաքելական ճամբորդութիւնը

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադառնալով միջ-կրօնական հանդիպումին   գոհունակութիւն յայտնեց տարուած  աշխատանքին համար ըսելով

՝՝ կ՝ապրինք այնպիսի ժամանակաշրջանի մէջ՝ ուր վարժ դարձած ենք կործանումներու, որոնք պտուղն են հակամարտութիւններուն։ Մինչ՝  երկխօսութեան ու մօտեցումի  աշխատանքը կը նպաստէ կառուցման։՝՝

Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ  ապա երկխօսութիւն բառին վրայ հաստատելով թէ երկխօսութիւն կը նշանակէ մենք մեզմէ՝ խօսքով դուրս գալ եւ  զայն արտասանել, ինչպէս նաեւ կը նշանակէ  անսալ ուրիշին խօսքին։ Երկխօսութիւնը՝երկու խօսքերու եւ  երկու մտածումներու միացում է,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու  ընդգծելով թէ երկխօսութիւնը  ուղեւորութեան առաջին քայլն է, որմէ ետք տեղի կ՝ունենայ  սիրտերու հանդիպում, եւ սկիզզբ կ՛առնէ բարեկամութեան երկխօսութիւնը որուն եզրակացութիւնը` համաձայնութիւնն է։

Խօսքեր,  սիրտեր եւ ձեռքեր ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Դիւրին է։ Մանուկ մըն ալ կարող է այս մէկը ընել....ինչո՞ւ մենք ալ նոյնը չկատարենք  հարց տուաւ  Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ Ամէնքս ալ ունինք միեւնոյն Հայրը, եղբայրներ ենք։ Յառաջ ընդանանք ուրեմն այս ճանապարհին վրայ։

 

 Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց  դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու խոնարհաբար խնդրելով, որ աղօթեն իրեն համար անոնց վստահեցնելով ՝թէ Ինք եւս նոյնը պիտի կատարէ իրենց համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.