2016-05-04 13:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապի լսատեսողական պատգամը համագործակցական ընկերութիւններուն


(Ռատիօ Վատիկան) 4-5 մայիս 2016-ին, Հռոմի  մէջ տեղի կ՝ունենայ համագործակցական ընկերութիւններու դաշնակցութեան ազգային 39-րդ  հաւաքը որպէս նիւթ ունենալով ''դերակատարներ` ի սպաս երկրի ծառայութեան''։

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ մը յղած է ժողովականներուն, որուն մէջ վերյիշելով անցեալ տարի կայացած անոնց հետ հանդիպումը ընդգծած է այդ առթիւ արտասանած ճառին գլխաւոր կէտերը։

Ձեզի կը խօսիմ որպէս բարեկամ ըսած է Սրբազան Հայրը, շարունակեցէք ըլլալ շարժիչ ուժ, որ կ՛օժանդակէ եւ կը զարգացնէ հասարակութեան ամենէն տկար խաւերը, յատկապէս հիմնելով աշխատանք արտադրող ընկերութիւններ ։ Եղէք ''աշխատանքի աշխարհի'' դերակատարները եւ համագործակցական ընկերութիւնները մատակարարեցէք համագործակցութեամբ։ Թիկունք կանգնեցէք ընտանիքներու կեանքին, որոնք պէտք չէ միայնակ լքուին ՝ինչպէս գրած եմ ՝՝Սրտի Ուրախութիւն՝՝ իմ յորդորագիրիս մէջ։

Տրամադրել պատշաճ միջոցներ՝ բարի գործեր իրագործելու համար եւ ունենալ ստեղծագործական ու մեծահոգութեան դրամագլուխ ու գործել ի սպաս յստակ եւ անկեղծ տնտեսութեան։

Աշխատիլ ի սպաս համաշխարհայնացումին եւ ներառել արդարաութիւնն ու խաղաղութիւնը մանաւանդ այս ժամանակներուն ուր կ՛ապրին գաղթականութեան ողբերգութիւնը։ Համագործակցեցէք ձեր ժողովրդապետութիւններուն հետ մտածելով միշտ դժուար կացութեան մէջ ապրող անձերուն։

Ձեր յանձնառումը ըլլայ ի սպաս հասարակաց բարիքին. Եթէ համագործակցական ընկերութիւնը լաւ  գործէ ան կ՛աճեցնէ զօրակցութիւնը եւ կամրապնդէ միասնական պատասխանատուութիւնը։ Դուք արդարեւ վկայութիւնն էք թէ ինչպէս հաւատքը կարող է ոգեւորել մարդկային պատմութեան մէկ յանձնառումին  ըսաւ ապա Սրբազան քահանայապետը անոնց փոխանցելով բարի մաղթանքներ իրենց այս հաւաքին համար հաստատելով թէ համագործակցական ընկերութիւնները կը ծառայեն նաեւ շահ արտադրելու սակայն ունին այլ պարտականութիւն մը եւս այն է գործել ի սպաս զօրակցութեան ու մարդու արժանապատուութեան եւ եղբայրութեան արտադրումին։

Այս Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս կը մաղթեմ որ ձեր յանձնառումը ըլլայ ողորմութեան արտայայտութիւնը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով իր պատգամը։








All the contents on this site are copyrighted ©.