2016-05-03 11:05:00

Հայր Լոմպարտի հաստատեց. ''Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ յղեց Վենեզուելլայի նախագահին''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի, երկուշաբթի` 2 մայիս 2016-ին, պատասխանելով լրագրողներուն իրեն ուղղած հարցումներուն  հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Վենեզուելլայի նախագահ` Մատուրոյին, առանց սակայն յայտնելու նամակին պարունակութիւնը։

Հայր Լոմպարտի նշեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ ուշադրութեամբ կը հետեւի Վենեզուելլայի մէջ տիրող կացութեան եւ այս առընչութեամբ նշեց  Սուրբ Զատկուայ տօնին օրուայ առթիւ Քահանայապետին կոչը, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսած էր''Սուրբ Զատկուայ, Յարուցեալին պատգամը, միշտ աւելիով տարածուի` դժուար պահեր ապրող Վենեզուելլայի ժողովուրդին վրայ, եւ անոնց որոնց ձեռքերուն մէջ կը գտնուի երկրին ճակատագիրը, որպէսզի աշխատանք տարուի ի սպաս հասարակաց բարիքին, որոնելով երկխօսութեան ու համագործակցութեան ուղիներ, բոլորին միջեւ։

Քահանայապետը ապա աւելցուցած էր ''Ամենուրէք թող աշխատանք տարուի զարգացնելու հանդիպման մշակոյթը, արդարութիւնը եւ փոխադրած յարգանքը որոնք միակ ուղիներն են որոնք քաղաքացիներուն  կ՛երաշխաւորեն  հոգեւոր եւ նիւթական բարեկեցութիւնը։

Իրավիճակի լրջութիւնը, ըսաւ ապա Հայր Լոմպարտի, ի յայտ կու գայ նաեւ Վենեզուելլայի Եպիսկոպոսներուն` անցեալ 27 ապրիլին  հրատարակած յայտարարութենէն, մինչ Վենեզուելլայի մօտ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Ճորտանօ, յանձնառումով կը գործէ ի սպաս` Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթած երկխօսութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.