2016-05-03 11:24:00

Հայաստանի Կառավարութիւնը պիտի քննարկէ Արցախի ճանաչման օրէնքի նախագիծը


ՀՀ կառավարութեան քննարկման ներկայացուած է Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Զարուհի Փոստանջեանի եւ Հրանդ Բագրատեանի` օրէնս­­դրական նա­խա­­ձեռ­­նու­թեան կար­գով ներկայացրած «Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մա­սին» ՀՀ օրէն­քի նախագիծը:

Նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան Մայիս 5-ի նիստի օրակարգին մէջ:

Նախագիծին վերաբերեալ կառավարութեան եզրակացութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայացուած օրէնքի նախագիծի ընդունումը պիտի պայմանաւորուի Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ քննար­կումներու արդիւնքներով` հաշուի առնելով յետագայ զարգացումները, որոնց մէջ նաեւ արտաքին գործօնները»:

Միաժամանակ, ներկայացուած օրէնքի նախագիծը Ազգային ժողովին մէջ քննարկելու ընթացքին, յարակից զեկուցումով հան­դէս պիտի գայ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.