2016-05-02 12:52:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 2 մայիսի գործունէութիւնը


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 2 մայիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրասենակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց գաղթականներու ու թափառաշրջիկներու Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ կարդինալ Անթոնիօ Մարիա Վելիոն,  Ս. հաղորդութեան միջազգային համագումարներու  կոմիտէի նախագահ՝ Գերապայծառ Փիերօ Մարինին,  Եւրոպայի Եպիսկոպոսաց դասի նախագահական խորհուրդի անդամները ապա Չերվանդես հաստատութեան տնօրէն`  Փրոֆ Վիկթոր Կարսիա Տէ Լա Քոնկան։

Նորին Սրբութիւնը ապա Վատիկանի ՝՝Քոնչիսթորօ՝՝ անուան դահլիճին մէջ ընդունեց  ''Մերչետէյի Սուրբ Կոյս Մարիամ'' անուան միաբանութեան անդամները որոնք Հռոմի մէջ գումարած են իրենց  միաբանական ընդհանուր ժողովը։

Այս առթիւ անոնց ուղղած պատգամին մէջ Ֆրանչիկսոս Պապ ողջունելով միաբանութեան  հիմնադրութեան 800-րդ ամեակի  առթիւ  կազմակերպած նախաձեռնութիւնները հրաւիրեց  նշուելիք տօնակատարութիւնները չհամարել լոկ անցեալի մէջ արձանագրուած յաջողութիւններու ոգեկոչում,  այլ որպէս առիթ արժեւորելու նուաճումները առանց մոռնալու  մարդկային սահմանափակումները ու յատկապէս առիթ՝ դիմագրաւելու այն մարտահրաւէրները որոնք մարդկութիւնը մեր առջեւ կը դնէ։

Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց, թէ կրօնաւորական կեանքը պարգեւ մըն է եւ պատասխանատուութիւն եւ  թէ մեզի յանձնուած առաքելութիւնը կարելի է կատարել   ոչ թէ մեր ուժերով այլ անձնուիրումով Աստուածային Ողորմութեան։

՝՝Աստուած՝՝, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, մեզ կանչած է ծառայելու Եկեղեցւոյ նաեւ մեր հասարակութիւններէն  ներս ու մաղթեց, որ միաբանական կեանքը ըլլայ վկայութիւն՝ գործով աւելի քան խօսքով, Յիսուսի պատգամին ու անոր սիրոյն ի սպաս Եկեղեցւոյ։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը աւարտեց քաջալերելով միաբանական հայրերը   շարունակել հռչակել  Տիրոջ շնորհքի տարին բոլոր  անոնց համար որոնք  իրենց դաւանած  հաւատքին համար հալածուած եւ բանտարկութեան մէջ կը գտնուին, մարդավաճառութեան զոհերուն ու բոլոր անոնց որոնք ողորմութեան գործերով օգնութեան կը հասնին իրենց եղբայրներուն, ապա  շնորհեց բոլորին իր առաքելական օրհնութիւնները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.