2016-05-02 12:20:00

''Փոքր ու մեծ հալածանքները, գինն են Քրիստոնէական վկայութեան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Սուրբ Հոգին մեզի ուժ կու տայ ըլլալու Յիսուսի վկաները, հանդերձ հալածանքներու,  ըլլան անոնք մեծ` որոնց համար հարկ է կեանքը նուիրել, կամ փոքրիկ` որոնք պտուղն են չարախօսութեան եւ քննադատութիւններուն''. Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի` 2 մայիս 2016-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։

Սուրբ Հոգին, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կը դպչի մարդոց սրտերուն եւ ամէն անգամ որ մեր սրտին մէջ նորութիւն մը զգանք, որ մեզ Յիսուսին կը մօտեցնէ. Սուրբ Հոգին է որ կը գործէ։ Մենք Տիրոջ վկաներն ենք Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ եւ Յիսուս առաքեալները կը հրաւիրէ չի գայթակղելու որովհետեւ վկայութիւնը ինքնիր հետ կը բերէ հալածանք։ ''Չարախօսութեան փոքրիկ հալածանքներէն'', քննադատութիւններէն մինչեւ մեծ հալածանքները որ մաս կը կազմեն Եկեղեցւոյ պատմութեան եւ որ քրիստոնեաները կը տանին բանտեր ու մինչեւ նոյնիսկ իրենց կեանքը տալու։

Յիսուս մեզի կը յայտնէ նաեւ քրիստոնէական վկայութեան գինը` ''ժողովարաններէն պիտի վտարեն ձեզ, առ աւելին, պիտի գայ ժամը որ ան որ ձեզ սպանէ, զայն պիտի ընէ կարծելով որ Աստուծոյ պաշտամունք կը կատարէ'' ըսաւ Քահանայապետը եւ հաստատեց ''Քրիստոնեան, Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ, կը վկայէ որ Տէրը ողջ է, որ Տէրը Յարութիւն առաւ, որ Տէրը մեր մէջ կը գտնուի։ Եւ այս վկայութիւնը կը շարունակուի առօրեային մէջ, Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումով։ Վկայութիւն մը որ  յաճախ հալածանքներ կը յարուցէ,  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով հայցել Սուրբ Հոգւոյն գալուստը մեր սրտերուն մէջ, Անորմէ խնդրելով որ օգնէ մեզի չհեռանալու Յիսուսէն։ ''Սորվեցուր այն ինչ  որ Յիսուս սորվեցուց, Ինծի սորվեցուր ինչ որ Յիսուս ըսաւ եւ օգնէ որ վկայեմ անոնց մասին։ Թող որ աշխարհականութիւնը եւ ստախօսութեան Հօրմէ բխող իրողութիւնները, մեղքը, մեզ չի հեռացնեն այդ վկայութենէն''։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.