2016-05-02 14:49:00

Հալէպ քաղաքի եպիսկոպոսներուն կոչը. ՝՝կը մասնակցինք Քրիստոսի չարչարանքներուն՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մենք զաւակներն  ենք  Յարուցեալ Քրիստոսին, զաւակները յոյսին եւ ամրօրէն կը հաւատանք՝ որ  ի զուր չեն մեր կրած  չարչարանքները ։  Սուրբերու եւ մարտիրոսներու օրինակին հետեւելով մեր կրած չարչարանքները կը միացնենք Քրիստոսի  տառապանքին, որպէսզի  անոնք դառնան սուրբ եւ սրբացեալ ,  Սուրիոյ խաղաղութեան եւ մեր Հալէպ քաղաքի փրկութեան համար՝՝։ Այս եղաւ Հալէպ քաղաքի կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն  Ֆիտես լրատուական գործակալութեան միջոցաւ յղած  կոչը՝ ուղղուած նախ եւ առաջ իրենց  հաւատացեալներուն, մխիթարանք եւ յոյս ներշնչելով  նահատակուած  Սուրիոյ քաղաքի բնակչութեան ՝որ վերջերս կարճ ժամանակամիջոցի հրադադարէ ետք դարձեալ թիրախ դարձաւ հակամարտութիւններուն։   

Հալէպի կաթողիկէ եպիսկոպոսները ապա կոչ ուղղած են այն անձերու խիղճերուն, որոնք կը ծրագրեն եւ կ՛իրագործեն այս պատերազմը,  բարձր  ձայնով աղաղակելով  ՝՝ԲԱՒ Է'', Աստուծոյ Սիրոյն եւ մարդոց ողորմութեան համար ու  մանուկներու եւ մարտիրոսներու՝  Աստուծոյ բարձրացուցած արեան կոչին համար, ու սուգի մէջ ապրող մայրերու արցունքներուն համար''։

Հալէպի եպիսկոպոսները   քաջալերած են  հալէպի բնակչութիւնը խրախուսելով զանոնք  չ՛իյնալու  տխրութեան  եւ յուսալքումի  իրավիճակի մէջ,  ապա համայն քրիստոնեաներէն խնդրած են` Աստուածամօր նուիրուած` մայիս ամսուան ընթացքին, աղօթելու սուրբ վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը՝ Սուրիոյ խաղաղութեան համար։

Նշենք, թէ Հալէպի կաթողիկէ եպիսկոպսոներու ժողովին մաս կը կազմեն, Ասորի կաթողիկէ համայնքի Արքեպիսկոոս Տենիս Անթուարն Շահտա, Յոյս կաթողիկէ Մելքիթներու  Արքեպիսկոպոս Ժան Քլեման Ժանպար, Մարոնիներու արքեպիսկոպոս Ժոզէք Թոպժի, Բերիոյ թեմի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ Արքեպիսկոպոս Պետրոս Մարայաթի , Քաղտէացիներու եպիսկոպոս Անթուան Աուտօ ինչպէս նաեւ լատին ծէսի հաւատացեալներու փոխ առաջնորդ գերապայծառ Ապու Խազեն։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.