2016-05-02 13:18:00

11-13 նոյեմբեր անօթեւաններու Յոբելեանը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 11-13 նոյեմբեր 2016-, հազարաւոր անօթեւան ու տնանկ անհատներ, Եւրոպայի զանազան երկիրներէն կը ժամանեն Հռոմ, Ողորմութեան Սուրբ Տարուայ փակումէն մէկ շաբաթ առաջ, իրենց կարգին, Ֆրանչիսկոս Պապին հետ միասին ապրելու համար Յոբելենական տարին։

Նախաձեռնութիւնը առիթ պիտի հանդիսանայ դիւրաբեկ կեանք ապրող անհատներուն­, փորձարկելու թէ իրենք եւս տեղ ունին Աստուծոյ սրտին մէջ ու Եկեղեցւոյ ներքոյ։

Հռոմ իրենց կեցութեան ընթացքին բոլոր ուխտաւորները առիթը պիտի ունենան հանդիպելու Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ` 11 նոյեմբերին, ապա 13 նոյեմբերին, իրենց մասնակցութիւնը բերելու Ֆրանչիսկոս Պապին Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած սուրբ պատարագի արարողութեան։

Ուխտագնացութիւնը հուսկ առիթ պիտի հանդիսանայ իրարու հանդիպելու ու միասնաբար ապրելու բաժնեկցութեան պահեր, յատկապէս աղօթքի հսկումի ընթացքին, զոր պիտի նախագահէ Լիոնի Արքեպիսկոպոս կարդինալ Ֆիլիփ Պարպէրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.