2016-05-01 10:43:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակի 1 մայիս 2016-ին թուիթը ''Քրիստոս Յարեաւ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 1 մայիս 2016-ին, Արեւելեան օրթոտոքս եկեղեցիները կը տօնախմբեն Յիսուսի Յարութեան տօնը` Սուրբ Զատիկը, այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրատարակեց թուիթ մը որուն մէջ բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Արեւելիքի Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն, Յունարէն լեզուով գրելով ''Քրիստոս Յարեաւ''։

Սրտաբուխ բարի մաղթանք կ՛ուղղեմ Արեւելքի Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն, որոնք այսօր կը տօնախմբեն Սուրբ Զատիկը։ ''Քրիստոս Անեսթի'' – Քրիստոս Յարեաւ'', գրեց Նորին Սրբութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.