2016-05-01 08:00:00

2016-ի Մայիս ամսուայ Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները։


(Ռատիօ Վատիկան) Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւնները 2014-էն սկսեալ ստանձնեցին ''տիեզերական'' եւ ''աւետարանումի'' խորագիր կրող աղօթքի դիտաւորութիւններ, շեշտը դնելու համար աղօթքի կեդրոնականութեան վրայ եւ վերարծարծելու 2012-ի նոր աւետարանութեան մասին տեղի ունեցած սիւնհոդոսի կարեւորութիւնը։

2016-ի Մայիս ամսուայ որպէս Քահանայապետական աղօթքի դիտաւորութիւն ընտրուած է.

''Տիեզերական'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ կիները միշտ յարգուին եւ մեծարուին եւ արժեւորուի անոնց ընկերութեան ի սպաս`էական ներդրումը''։

Իսկ որպէս ''Աւետարանութեան'' աղօթքի դիտաւորութիւն` ''Որպէսզի տարածուի, ընտանիքի, հասարակութեան ու խումբերու մէջ, Սուրբ Վարդարանը աղօթելու սովորութիւնը ի սպաս աւետարանութեան եւ խաղաղութեան''։  








All the contents on this site are copyrighted ©.