(Ռատիօ Վատիկան) Հունգարիոյ Szeged քաղաքին մէջ վերջ գտաւ եւրոպական համալսարանական հովուութեան եռօրեայ հանդիպումը։ Յառաջիկայ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքին մէջ` 2017-ին։
Ամէն տարի Եւրոպայի եպիսկոպոսական խորհուրդը կը կազմակերպէ համալսարանական հովուութեան հանդիպում, բանակցելու անչափահասներու ու երիտասարդներու իրավիճակին մասին։ Նախապատրաստական աշխատանքը կը ծրագրեն նոյնինքն ուսանողները որոնք կ´որոշեն նաեւ կլոր սեղանի նիւթերը։ Ուսանողներուն կ´իյնայ հարցումներ ուղղել ու իրենց դիտողութիւններն ու առաջարկները բանաձեւել, օգնելու ուսանողներու հովիւներուն, լաւագոյնս ըմբռնելու նոր սերունդի հովուական մարտահրաւէրները։
All the contents on this site are copyrighted ©. |