2016-04-30 09:15:00

Գերապայծառ Զէնարի ''Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւունքը ամէն օր կը բռնաբարուի''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրիոյ մօտ Առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Զէնարիի գնահատումով, Սուրիոյ մէջ մարդկային իրաւունքը ամէն օր կը բռնաբարուի ու բռնաբարողները կը մնան անպատիժ։ Ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով առաքելական դեսպանը հաստատած է թէ 5 տարիներու հոլովոյթին միջազգային հասարակութիւնը կարողութիւնը չ՛ունեցաւ սոյն բռնութիւնները դադրեցնել։ Գերապայծառ Զէնարիի կարծիքով ՄԱԿը պէտք է բազմապատկէ իր յանձնառումը ու միջամտութիւնը։

Հրադադարը չի յարգուեցաւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ, ուր այս վերջին օրերուն ականատես եղանք ռմբակոծումներու, մահերու եւ վիրաւորներու, ըսաւ Գերապայծառ Զէնարի մինչ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարը հաստատած է թէ Հալէպի մէջ կը տիրէ մարդու իրաւունքներու յարատեւ խախտում եւ բռնութիւն։ Սուրիոյ պատերազմը ոտնակոխած է բոլոր օրէնքները։ Դժբախտաբար ոճիրները կը շարունակուին ու անմեղ մանուկներու ճիչերն ու լացը կը շարունակուի։ Անոնք կորսնցուցին ծնողներ ու եղբայրները Մանուկները այս աղաղակները պէտք են լսելի դառնան բոլորին - ըսած է գերապայծառ Զէնարի։








All the contents on this site are copyrighted ©.