2016-04-30 09:21:00

«ՏԱՀԵՇ պատասխանատուութիւն կը կրէ կրօնական ցեղասպանութեան համար» կ՛ըսէ Քերրի


Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ ՏԱՀԵՇ պատասխանատուութիւն կը կրէ կրօնական փոքրամասնութիւններու ցեղասպանութեան համար:

«ՏԱՀԵՇ կը շարունակէ ոչնչացնել կրօնական փոքրամասնութիւնները: Զինեալները կը սպաննեն եզիտիները, որովհետեւ անոնք եզիտի են, քրիստոնեաները, որովհետեւ անոնք քրիստոնեայ են, շիիները, որովհետեւ անոնք շիի են», յայտարարած է Քերրի Հիուսթընի մէջ:

«ՏԱՀԵՇ պատասխանատուութիւն կը կրէ կրօնական ցեղասպանութեան համար», յայտարարած է Քերրի` ընդգծելով. «Խօսքը չի վերաբերիր քաղաքակրթութիւններու պատերազմին: Ասիկա պայքար է բարբարոսներու դէմ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.