2016-04-29 09:19:00

Ռայի Պատրիարք եւրոպական խորհրդարանէն պահանջեց դադրեցնել շրջանի պատերազմը


Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը Պրիւքսէլի մէջ տեսակցեցաւ երկրի վարիչներուն հետ` անոնց փոխանցելով շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի քրիստոնեաներուն եւ առհասարակ լիբանանցիներուն ապրած դառն պայմանները:

Նոյն ծիրին մէջ Ռայի պատրիարքը խօսք առաւ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններուն առջեւ` անոնցմէ պահանջելով ճիգ չխնայել այս շրջանին մէջ խաղաղութեան ամրապնդման համար: «Քրիստոնեաները շրջանին մէջ չափաւորութեան երաշխիք են», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը` դիտել տալով, որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները կը պատկանին դաւանական զանազան ծէսերու  եկեղեցիներու, ինչպէս` Աղեքսանտրէթի, Անտիոքի, հայկական, քաղդէական, Կոստանդնուպոլսոյ  եւ հռոմէական  ծէսերը:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց նաեւ, որ երբ «եկեղեցի» կ՛ըսէ նկատի ունի նաեւ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն կողքին նաեւ անոնց կառոյցները, վանքերը, կրթական հիմնարկները եւ այլն: Ան ներկաներէն պահանջեց օգնել Լիբանանին` թեթեւցնելու համար ոչ լիբանանցի գաղթականներուն, յատկապէս` մէկուկէս միլիոն սուրիացիներուն տնտեսական եւ ընկերային բեռը:

Ան նաեւ առաջարկեց ստեղծել այդ գաղթականներու  ընկերային-տնտեսական կացութեան  բարելաւման նպաստող պայմաններ ու կարելիութիւններ: «Անհրաժեշտ է երկխօսութեան ճամբով դադրեցնել պատերազմները եւ օգնել շրջանի ժողովուրդներու բարօրութեան», ընդգծեց Ռայի պատրիարքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.